ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՏԷՐ ՅԻՍՈՒՍԻ ՄԿՐՏՈՒԱԾ ՎԱՅՐԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Յորդանան, երէկ այցելեց Տէր Յիսուս Քրիստոսի մկրտուած վայրը։ Ինչպէս ծանօթ է, Յորդանան գետի ափին կը գտնուի Յիսուս Քրիստոսի մկրտութեան վայրը, ուր Արմէն Սարգսեան շրջայց մը կատարեց եւ ստորագրեց պատուոյ հիւրերու տոմարը։ Ան նշեց, որ Յորդանանի հոգատարութիւնը նմանատիպ համաշխարհային սրբավայրի նկատմամբ քաղաքակրթութիւններու համերաշխութեան եւ երկխօսութեան լաւագոյն վկայութիւնն է։ Արմէն Սարգսեան այցելեց նաեւ Յորդանան գետի ափին կառուցուած հայկական Ս. Կարապետ եկեղեցին, ուր կատարեց մոմավառութիւն։ Նախագահը եկեղեցւոյ մէջ ողջունեց Յորդանանի հայութեան հոգեւոր առաջնորդ Տ. Աւետիս Վրդ. Իբրաճեան։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019