ՍԻՐՈՒՇՕ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԴԱՓՆԵԿԻՐ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի 7-րդ դասարանի աշակերտուհիներէն Սիրուշօ Սարգսեան վերջերս նկարչութեան բնագաւառին մէջ արձանագրեց կարեւոր յաջողութիւն մը։ Այսպէս, ան Իսթանպուլէն մասնակցեցաւ Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան կողմէ կազմակերպուած մրցոյթի մը, որու խորագիրն էր «Հայոց աշխարհի մայրաքաղաքները»։ Համահայկական մանկապատանեկան նկարչական այս մրցոյթի արդիւնքին Սիրուշօ Սարգսեան եղաւ առաջին։ Իր համապատասխան վկայականը արդէն վերջերս հասած է դպրոց։ Սիրուշօ Սարգսեանի նկարը կը կոչուէր «Նոր Հայաստանի ծնունդը»։ Իր ստեղծագործութեան մէջ տեղ գտած են Երեւանը եւ Զուարթնոցի հրաշագեղ տաճարի կանգուն մնացած կամարազարդ սիւները։

Այս յաջողութիւնը մեծ ուրախութիւն ստեղծած է «Հրանդ Տինք» դպրոցէն ներս՝ մանաւանդ, որ վարժարանը չունի նաեւ նկարչութեան ուսուցիչ եւ Սիրուշօ Սարգսեան ուղղակի իր ձիրքերով հասած է այս նուաճումին։

Մենք եւս կը շնորհաւորենք զինքը ու կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2019