ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԾԱՆՕԹ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ըրաւ յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական կրօնամշակութային ժառանգութեան կոթողներուն դէմ սկսած ոչնչացման արշաւին շուրջ։ Նորին Սրբազնութիւնը մամլոյ սպասաւորներու նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճան ինչպէս կը քանդէ հայկական եկեղեցիները եւ մշակոյթը։ «Սա մեզի համար անսպասելի կամ զարմանալի չէ», ըսաւ ան։ Այս կապակցութեամբ ան յիշեցուց նաեւ Նախիջեւանի խաչքարերու մօտաւոր անցեալի ոչնչացումը՝ որպէս Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան վառ օրինակ։ Շուշիի Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցին մշակութային կեդրոնի վերածելու Ատրպէյճանի մտադրութիւնն ալ դիւանապետին կողմէ որակուեցաւ ազգային բարդոյթներու հետեւանք։ 

Լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նորին Սրբազնութիւնը աւելցուց. «Ատրպէյճան կը փորձէ ամէն կերպ հայկական պատմական տարածքները սեփական տարածք հռչակել՝ ջնջելով հայկականութիւնը։ Սա հոգեբանական թերարժէքութեան բարդոյթ է»։ Ըստ դիւանապետին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը փորձէ միջազգային զանազան կազմակերպութիւններու ներգրաւման միջոցաւ անվտանգութեան որոշ երաշխիքներ ապահովել պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանութեան համար։ Բայց, դժուար է գնահատել, թէ այդ աշխատանքը որքան արդիւնաւէտ է։ «Յամենայնդէպս, մենք կը փորձենք, բայց փաստ է՝ կոթողները, սրբավայրերը վտանգուած են, հաշուի առնելով Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութեան հիմքին դրուած ընդհանուր մօտեցումները», ընդգծեց Նորին Սրբազնութիւնը։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ դիւանապետը ընդգծեց, որ Ատրպէյճանի մէջ կը ջանան ոչնչացնել պատմամշակութային այն շերտերը, որոնց մէջ կայ հայկականութիւն։ Պաքու կը փորձէ այդ բոլորը նենգափոխուած ներկայացնել՝ որքան որ ալ այդ բանը զաւեշտալի թուի։ Լրագրողներու զանազան հարցումներուն պատասխանելով ան թերահաւատութեամբ արտայայտուեցաւ այն մասին, թէ Հայաստանի յարաբերութիւնները կրնան բարեկամական ըլլալ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ։ «Ես զերծ կը մնամ զգացական բառապաշար օգտագործելէ՝ թշնամի կամ սիրելի, որովհետեւ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ կան առարկայական իրավիճակներ», ըսաւ Նորին Սրբազնութիւնը եւ աւելցուց, որ ներկայ իրավիճակին մէջ, հասկնալիօրէն, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները չեն կրնար բարեկամական ըլլալ։

Ուրիշ հարցումի մը պատասխանելով Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան անդրադարձաւ այն հանգամանքին, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները Ս. Զատկի Մեռելոցի օրը դարձուցած էին աշխատանքային։ Իշխանափոխութենէն ի վեր եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան միջեւ միշտ տարակարծութիւններու պատճառ կը դառնայ, որ մեծ տաղաւարներու յաջորդած մեռելոցները դադրած են ոչ-աշխատանքային օր ըլլալէ։ Ներկայիս, երբ իշխանութիւններու եւ եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մէջ բացարձակապէս անհաղորդ վիճակ մը ստեղծուած է, արդէն զարմանալի չէ, որ Ս. Զատկի Մեռելոցի օրը եղած է աշխատանքային։ «Մեռելոցներու վերաբերեալ քննարկումներ միշտ եղած են։ Ես կը կարծեմ՝ պէտք չէ արհեստական խոչընդոտներ ստեղծել յատկապէս այս օրերուն։ Եթէ աշխատանքային օր կը սահմանուի, մարդիկ չեն կրնար այցելել գերեզմաններ՝ այդ ալ ստեղծուած իրավիճակին մէջ», յայտնեց Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021