ԵՐԵՒԱՆԷՆ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Մոսկուա, ուր պիտի ընդունուի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատին մէջ նախատեսուած ժամադրութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութեան։ Պաշտօնական աղբիւրները արդէն նախապէս հրապարակումներ ըրած էին վաղուան տեսակցութեան օրակարգին շուրջ։ Այսպէս, Փաշինեան եւ Փութին կը քննարկեն Արցախի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան կատարման ընթացքը, ինչպէս նաեւ Երեւան-Մոսկուա ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան նիւթեր։

Մոսկուա մեկնելու ընդառաջ, «Ինթերֆաքս»ին տուած հարցազրոյցին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան միտուած է Ռուսաստանի հետ երկարաժամկէտ ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան։ Ան հաստատեց հայկական կողմին շահագրգռուածութիւնը՝ ռազմաօդանաւերու եւ այլ սպառազինութեան մատակարարման հարցին մէջ։

Ուղեւորութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Ան մատնանշեց Երեւանի սպասումները՝ հասցէագրուած Անգարային։ Թէ որքա՞նով այժմ տարածքաշրջանէ ներս տնտեսական կապերու հաստատման գործընթացը կախեալ է քաղաքական գործօնէն՝ մասնաւորապէս, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն։ Այս հարցումին ի պատասխան Փաշինեան նշած է հետեւեալը.

«Կը փափաքիմ յիշեցնել, որ հայ-թրքական սահմանը միակողմանիօրէն փակուած է Թուրքիոյ կողմէ տակաւին 1993 թուականին։ Հայաստան միշտ հանդէս եկած է Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններու կարգաւորման ի նպաստ, բայց սա մերժուած է Թուրքիոյ իսկ կողմէ։ Անգարայի այս թշնամական քաղաքականութիւնը նոր թափ ստացած է Արցախի դէմ Ատրպէյճանի 44-օրեայ բռնութեան ընթացքին։ Մասնաւորապէս, Թուրքիա Ատրպէյճանին տրամադրած է անմիջական ռազմաքաղաքական եւ ռազմաթեքնիկ աջակցութիւն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի տեղափոխելով նաեւ օտարերկրեայ զինեալներ։ Այս համատեսքին մէջ, տարածքաշրջանէ ներս կայուն խաղաղութիւն հաստատելու եւ տնտեսական հեռանկարը վերականգնելու համար անհրաժեշտ է, որ Թուրքիա փոխէ իր այս ակրեսիւ քաղաքականութիւնը Հայաստանի դէմ»։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021