ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀ ՄԸ

Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնէն ներս երէկ գիշեր ծագեցաւ հրդեհ մը։ Որոշ տաղաւարներ եւ խանութներ այրեցան՝ ներառեալ ապրանքները։ Խանութպաններու վկայութեամբ, հրդեհը եղած է շատ մեծ, նոյնպէս եւ վնասը։ Կը հաղորդուի, որ հրդեհը ծագած է առեւտուրի կեդրոնի կեդրոնական մասնաշէնքին մէջ։ Հրշէջ գունդը անմիջապէս միջամտած է, այս առաւօտեան դրութեամբ արդէն հրդեհը մարած էր։ Այդ աշխատանքներու ընթացքին դէպքի վայր այցելած է նաեւ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Անդրանիկ Փիլոյեան։

Երեւանեան աղբիւրներու հաղորդումներով, խանութպաններ այս առաւօտ զանազան ցուցմունքներ տուին։ Ըստ իրենց, թէեւ կարելի չէ ոեւէ մէկը մեղադրել, բայց պարզ է, որ խնդրոյ առարկայ են անփութութիւններ։ Առեւտուրի կեդրոնէն ներս հոսանքի լարերը լաւ որակով չեն եղած։ Խանութպանները հատուցում ստանալու յոյսեր չունին։

Երեւանի հրդեհային եւ թեքնիկ անվտանգութեան տեսչութեան մասնագէտները լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ անցեալ ամիս տեղի ունեցած են անվտանգութեան տարեկան ստուգումներ, որոնց ժամանակ յայտնաբերուած են խախտումներ եւ փորձաքննութեան ձեռնարկուած է այս կեդրոնի ընդհանուր կացութեան շուրջ։ 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021