ԹՈՒՐՔԻԱՆ ԵՒ ԵՒՐՈՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՁԳՏԻՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՆԵԼ ԻՐԵՆՑ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Անգարայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ կարեւոր գագաթաժողով մը։ Մեկնաբանները՝ Պեշթեփէի մէջ նախատեսուած այս կարեւոր ժամադրութիւնը կ՚որակեն Թուրքիա-Եւրոմիութիւն բնականոնացման գագաթաժողով։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան կը հիւրընկալէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լեյէնը։

Անգարա եւ Պրիւքսել ներկայիս կը ձգտին բնականոնացնել իրենց յարաբերութիւնները։ Լարուածութիւններով բնորոշուած բաւական երկար շրջանէ մը վերջ, կողմերուն միջեւ վերջին շրջանին ի յայտ եկաւ մեղմացման երթալու եւ համագործակցութեան վերադառնալու կամքը։ Ստեղծուած դրական իրավիճակին մէջ, այս օրուան բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուին ութ առանցքային նիւթեր, որոնք առաջնահերթութիւն կը ներկայացնեն կողմերուն տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մաս կը կազմէ նաեւ գաղթականաց վերաբերեալ համաձայնութեան այժմէականացումը։

Նախագահ Էրտողան Անգարայի գագաթաժողովի ընթացքին հերթական անգամ պիտի մատնանշէ, որ Թուրքիա կողմնակից է դիւանագիտութեան եւ բանակցութիւններու։ Արդարեւ, ան համոզուած է, թէ Թուրքիա-ԵՄ յարաբերութիւնները նոր շրջանին պէտք է զարգանան եւ երկխօսութեան գործընթացը պէտք է շարունակուի՝ բոլոր դրութիւններու դրական բանեցումով։

Մարտի 25-ին տեղի ունեցած Եւրոմիութեան վերջին գագաթաժողովին ժամանակ որոշուած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգացնել։ Եւրոպացի ղեկավարները կանաչ լոյս վառած էին՝ Անգարայի հետ նոր սկիզբի մը համար։ Թրքական կողմը այս օրուայ բանակցութիւններու ընթացքին կը յստակեցնէ նոր շրջանի վերաբերեալ ակնկալութիւնները։ Վիզաներու ազատականացումը եւ աւելի քան քսանհինգ տարի առաջ ստորագրուած Մաքսային միութեան համաձայնութեան թարմացումը մաս կը կազմեն այս շրջանակին։ Լիիրաւ անդամակցութեան ուղղեալ բանակցութիւններու գործընթացի վերսկսելուն համար Անգարա կը պահանջէ նաեւ կարգ մը նոր գլուխներու բանակցութեան բացուիլը։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Միջերկրականի արեւելքի վերաբերեալ խնդիրներն ու Կիպրոսի հիմնահարցն ալ սեղանի վրայ կը գտնուին Անգարայի այս օրուան քննարկումներուն ժամանակ։ Աչքէ կ՚անցուին Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ վերսկսած բանակցութիւնները։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021