ՈՐՊԷՍԶԻ ՉՄԵՂԱԴՐՈՒԻՆ

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ հնարաւորութիւն կար Արցախի վերջին պատերազմը կանգնեցնել բոլորովին այլ դասաւորուածութիւնով, սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան չէ ստանձնած նման որոշում մը ընդունելու պատասխանատուութիւնը։ Ըստ իրեն, Ռուսաստան առաւելագոյն հնարաւորը ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմը դադրեցնելու համար։ «Այսինքն, յանուն այն բանին, որ ժողովուրդը զինքը սխալ չհասկնայ եւ չմեղադրէ, մենք կորսնցուցինք տասնեակ անգամ աւելին՝ քան կար ամսի 19-ի դրութեամբ եւ եւս քանի մը հազար զոհեր եւ վիրաւորներ։ Այսպէս է պատասխանատուութեան աստիճանը այն մարդուն, որ պէտք էր ու պարտաւոր էր այդ որոշումը առնելու։ Կար ընդհանուր սպայակոյտի նախագահի գրաւոր զեկոյցը։ Իշխանութիւններուն համար աւելի դիւրին էր յանձնել ամէն ինչը՝ քան ծանր, բայց պատասխանատու որոշումը ընդունիլ պատերազմի ընթացքին, ինչ որ շատ աւելի լաւ կ՚ըլլար՝ քան այն, ինչ մենք ստացած ենք», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ռուսաստանի ամենայայտնի հեռուստավարներէն Վլատիմիր Պոզներին տուած հարցազրոյցին մէջ Քոչարեան բացատրած է, որ պատերազմի պարտութեան մեղաւորը Հայաստանի վարչապետն է։ Արդարեւ, կար բանակցային գործընթաց մը եւ այդ մէկը փակուղիի մտցուած եւ տապալուած է իշխանութեան կողմէ։ Փաշինեանի իշխանութիւնները այս հետեւանքին պատճառ դարձած են իրենց պահանջներով եւ յայտարարութիւններով։ Ուստի, անկասկած, Հայաստանի վարչապետը անձամբ պատասխանատու է բոլոր պատահածներուն համար։ Բաց աստի, ան յիշեցուց, որ 44 օրուայ պատերազմի ընթացքին իշխանութիւնները մարդոց գլուխը կ՚արդուկէր՝ ըսելով, որ հայկական կողմը յաղթանակ կը տանի։ Քոչարեանի կարծիքով՝ հնարաւորութիւն կայ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կազմէն ներս եղած տարածքներու ետբերման հարցը։ «Բոլոր տարածքներու մասին վստահ չեմ ըսեր, բայց, կը կարծեմ, ամէն ինչ կորսուած չէ։ Կը կարծեմ՝ հնարաւորութիւն կայ, յամենայնդէպս բանակցային գործընթացի մէջ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի կազմի տարածքներու ետբերման հարցը։ Թէ ի՛նչ կարգավիճակով եւ թէ ինչպէ՛ս. սա շատ բարդ հարց է, բայց ես կը կարծեմ, թէ այստեղ հաւանական հեռանկարներ կան», նշած է Քոչարեան։

Հարցազրոյցի տեւողութեան Ռոպերթ Քոչարեան ընդգծած է, որ վերջին երեք տարուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ քանդուած են պետական բոլոր կառոյցները։ Պատճառը այն է, որ կառոյցները իշխանութեան տեսակէտէ խանգարող հանգամանք դարձած էին։ Հայաստանի մէջ առկայ իրավիճակը անբաւարար է։ Քոչարեանի խօսքով՝ չկայ որեւէ ոլորտ, որու մասին կարելի է համեմատաբար լաւ արտայայտուիլ։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ նախատեսուած արտահերթ ընտրութիւններուն՝ Ռոպերթ Քոչարեան նշած է, որ անոնց պիտի մասնակցի կուսակցութիւններու դաշինքի մը առաջնորդի կարգավիճակով։ Ան նշած է նաեւ, որ Հայաստանի Աւագ դատախազութիւնը կը փորձէ ներկայիս վերաորակել իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքները։ Իր դատուելուն պատճառ դարձած 1 մարտ 2008 թուականի արիւնալի իրադարձութիւններու մասին ալ խօսած է Քոչարեան։ «Միակ բանը, որ այդ ժամանակ ըրած եմ, արտակարգ դրութիւն սահմանելն էր, ինչ որ պարտաւոր էի ընել՝ ելնելով ծառայողական դիրքէ», ըսած է ան։

Ռոպերթ Քոչարեան պատասխանած է նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու վերաբերեալ հարցումի մը։ Այս կապակցութեամբ ան արտայայտած է բաւական արմատական մօտեցումներ։ Իր խօսքով՝ Թուրքիա սպառնալիք է Հայաստանի համար։ Սահմանի բացման պարագային Թուրքիա ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստանը վերածուի Աճարիայի նման վայրի մը։ Քոչարեան նշած է, որ սպառնալիքը պատմական է եւ այդ ընկալումը կայ թէ՛ հայերու եւ թէ թուրքերու մօտ։

Հարցազրոյցը համեմուած էր նաեւ անձնական բնոյթով հարցումներով։ Այս առթիւ Քոչարեան նշած է, որ իրեն համար ամենէն թանկ բանը ընկերութիւնն է, երբեք չի ներեր դաւաճանութիւնը եւ իր մօտ ամենաբարձր գնահատանքի արժանի մարդկային յատկութիւնը հաւատարմութիւնն է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2021