ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԵՒ ԻԼՀԱՄ ԱԼԻԵՒԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել, ուր այսօր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ Փաշինեան եւ Ալիեւ արդէն երկրորդ անգամ այսօր կը տեսակցին՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։ Վերջին անգամ այս ձեւաչափով գագաթաժողով մը տեղի ունեցած էր անցեալ տարեվերջին եւ ներկայիս շուրջ երեքուկէս ամիս անց այդ գագաթաժողովը կը կրկնուի, երբ Արցախի մէջ իրավիճակը իսկապէս մտահոգիչ դարձած է վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ առնուած քայլերուն հետեւանքով։

Դէպի Պրիւքսել ուղեւորութեան ընդառաջ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն եւ կարեւորուեցաւ զանազան ոլորտներէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ապագայ զարգացումն ու ամրապնդումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկեան կողմին՝ ժողովրդավարական բարեփոխումներու ուղղութեամբ Հայաստանին ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ Ան նշեց, որ ժողովրդավարութեան ապագայ ամրապնդումը Հայաստանի կառավարութեան կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւն մըն է։

Երէկուան հեռախօսազրոյցի ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն անդրադարձան Հարաւային Կովկասի վերջին գործընթացներուն, Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Փաշինեան ներկայացուց Ատրպէյճանի ստորաբաժանումներու գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախէ ներս ստեղծուած իրավիճակը, մարդասիրական խնդիրները եւ կարեւորեց Ուաշինկթընի հասցէական արձագանգը։ Կողմերը կարեւորեցին տարածաշրջանէ ներս կայունութեան եւ խաղաղութեան ապահովումը՝ ընդգծելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կարեւորութիւնը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ այսօր Պրիւքսելի մէջ կազմակերպուած եռակողմանի հանդիպման։

Նիկոլ Փաշինեան եւ Էնթընի Պլինքըն կարծիքներ փոխանակեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման ու սահմանազատման, տարածաշրջանէ ներս հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիա-Հայաստան երկխօսութեան շուրջ։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային ասպարէզի զանազան գործընթացներուն՝ ներառեալ Ուքրայնայի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։

Պրիւքսելի այս օրուան գագաթաժողովին ընդառաջ, երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները կարծիքներ փոխանակած են տարածաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին շուրջ։ Անոնք անդրադարձած են յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ կատարուած եռակողմանի յայտարարութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցերու։ Չավուշօղլու եւ Պայրամով ուշադրութեան առարկայ դարձուցած են նաեւ Ուքրայնայի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինն ալ Պրիւքսելի այս օրուայ եռակողմանի գագաթաժողովին ընդառաջ յայտարարութիւններ ըրաւ Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, ան յայտնեց, որ ռուսական կողմը իր դիրքորոշումը չի թաքցներ եւ շահագրգռուած է, որպէսզի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ։

«Մենք շահագրգռուած ենք, որ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուին, որպէսզի իրավիճակը կարգաւորուի։ Ռուսաստան այս ուղղութեամբ շարունակական ու ոչ-նուազ ներդրում ունի։ Մենք յամառօրէն կ՚աշխատինք այդ ուղղութեամբ։ Սպասենք ու տեսնենք, թէ ի՛նչ կ՚ըլլայ վաղը», յայտնեց ռուս դիւանագէտը երէկ՝ ակնարկելով Պրիւքսելի այս օրուայ եռակողմանի հանդիպման։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 6, 2022