ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ «ԱՐԱՐԱՏ» ԳՈՐԾԱՐԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան նախընթաց օր այցելեց Երեւանի «Արարատ» քոնիաքի գործարանը:

Այսպէս, գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Արա Գրիգորեան նախագահին ներկայացուց վերջին տարիներուն գործարանի արդիւնաբերական հզօրացման ու արտադրական ծաւալներու ընդլայնման ուղղեալ բարեփոխումներն ու նախաձեռնութիւնները։ Արա Գրիգորեան մասնաւորապէս նշեց արդի զարգացած փորձագիտութիւններու եւ քոնիաքագործութեան լաւագոյն աւանդութիւններու համադրութեամբ բարձրորակ արդիւնք ստանալու կարեւորութիւնը:

Այցելութեան ընթացքին նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շրջայց կատարեց գործարանի եւ Երեւանի քոնիաքի գործարանի «Արարատ» թանգարանի մէջ, ուր ծանօթացաւ համանուն հայկական քոնիաքի պատմութեան: Թանգարանի նախագահական սրահին մէջ Խաչատուրեան մասնակցեցաւ իր անուանական տակառի հիմնադրման արարողութեան եւ իր ստորագրութիւնը դրաւ տակառին վրայ:

Նախագահ Վահագն Խաչատուրեան շրջայց կատարեց նաեւ Երեւանի քոնիաքի գործարանի գանձարանէն ներս, ուր կը պահուի «Արարատ» քոնիաքներու բացառիկ հաւաքածոն՝ նախորդ դարասկիզբի առաջին նմոյշներէն մինչեւ մեր օրերը։ Հուսկ, նախագահը գրառում մըն ալ կատարեց թանգարանի պատուոյ տոմարին մէջ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 6, 2023