ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏ ՓԻՏԷՃԵԱՆԻ ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐԸ

Ա­մե­րի­կա­հայ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան եւ հե­ղի­նա­կա­ւոր ե­րաժշ­տա­գէտ Գրի­գոր Փի­տէ­ճեա­նէն վեր­ջերս խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թեամբ ստա­ցանք իր կող­մէ հե­ղի­նա­կուած եր­կու գիր­քեր։ Ան բա­րի ե­ղած էր խմբագ­րու­թեանս հա­մար մա­կագ­րել իր լոյս ըն­ծա­յած «Քրիս­տա­փոր Կա­րա-Մուր­զա» եւ «Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տու­թիւ­նը (պատ­մա­կան ակ­նարկ)» գոր­ծե­րը, ո­րոնք մե­զի հա­սան քա­ղաքս այ­ցե­լած իր բա­րե­կամ­նե­րէն մէ­կուն մի­ջո­ցաւ։ Ա­ռա­ջին գիր­քը, ո­րուն մա­սին ար­դէն լսած էինք, հրա­տա­րա­կուած է Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­տա­րակ­չու­թեան կող­մէ, հաս­տա­տուած ըլ­լա­լով «Կո­մի­տաս» Պե­տա­կան ե­րաժշ­տա­նո­ցի գի­տա­կան խոր­հուր­դէն։

Երկ­րորդ գիր­քը լոյս տե­սած է Նիւ Եոր­քի «Սուրբ Վար­դան» հրա­տա­րակ­չու­թե­նէն։ Սա հե­ղի­նա­կի լոյս ըն­ծա­յած ար­դէն վեր­ջին գործն է։ Գրի­գոր Փի­տէ­ճեան թէ՛ իր ո­լոր­տի հե­ղի­նա­կա­ւոր մաս­նա­գէտ­նե­րէն մին է եւ թէ՛ իր պա­շա­րը կ՚ար­դա­րաց­նէ կա­նո­նա­ւոր ար­տադ­րու­թեան թա­փով մը։ Իր այս վեր­ջին գիր­քը ան ձօ­նած է Սուրբ Էջ­միած­նի Մայր Տա­ճա­րի հիմ­նադ­րու­թեան 1700-ա­մեա­կի յո­բե­լեա­նին։ Ծա­նօթ է, որ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին նշուած էր այս յո­բե­լեա­նը, սա­կայն Փի­տէ­ճեա­նի հրա­տա­րա­կած այս գիր­քով այդ յո­բե­լեա­նը ոչ միայն կը թար­մա­նայ հան­րու­թեան յի­շո­ղու­թեան մէջ, այլ նաեւ ձե­ւով մը կ՚ան­մա­հա­նայ։ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին ձօ­նուած օրհ­ներ­գով մը կը սկսի այս գիր­քը, որ կ՚ընդգր­կէ նաեւ Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեա­նի օրհ­նու­թեան գի­րը, ուր Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուած է գոր­ծի ար­ժէ­քին շուրջ։ Ան շեշ­տած է, թէ Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան ան­բա­ժա­նե­լի մասն է ե­կե­ղե­ցա­կան հա­րուստ ե­րաժշ­տու­թեան ծագ­ման ու զար­գաց­ման ըն­թաց­քը։

Գրի­գոր Փի­տէ­ճեա­նի գոր­ծը կը ցո­լաց­նէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րաժշ­տու­թեան պատ­մու­թեան հա­մա­պար­փակ պատ­կե­րը։

Գրի­գոր Փի­տէ­ճեա­նի ծա­ւա­լուն աշ­խա­տան­քը կ՚ընդգր­կէ նաեւ ծա­նօ­թագ­րու­թիւն­նե­րու բա­ժին մը եւ մա­տե­նա­գի­տա­կան տուեալ­ներ։ Գիր­քի ամ­բող­ջին մէջ, որ­պէս տե­սո­ղա­կան ա­ռար­կայ՝ ներ­կա­յա­ցուած են նաեւ բազ­մա­տաս­նեակ ձայ­նագ­րու­թիւն­ներ, նկար­նե­րու կամ օ­րի­նակ­նե­րու ձե­ւա­չա­փին մէջ։

Գրի­գոր Փի­տէ­ճեա­նի գոր­ծը լոյս տե­սած է երկ­լե­զու՝ հա­յե­րէն եւ անգ­լե­րէն։

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2016