Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ՆՈՒԻՐԷ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՌԻԱՏԻՆ
Սուրիական պատերազմի այս փուլի ամենէն խորհրդանշական օրակարգը Հալէպն է: Հալէպին տիրապետելու կը ջանան Սուրիոյ պատերազմին մասնակից գլխաւոր երեք կողմերը: Այսինքն Սուրիոյ իշխանութիւնները, որոնք ի գին ծանր կորուստներու կը փորձեն ներկայանալ որպէս ամբողջական եւ անփոխարինելի ուժ: Երկրորդ կողմը՝ սուրիական պատերազմին մասնակից եւ Արեւմուտքի բնութագրումով «չափաւորական» ճանչցուած ընդդիմադիր միաւորումներն են, որոնց անունով այսօր հիմնական բանբերը կը հանդիսանայ Սուրիոյ նախկին վարչապետ Ռիատ Հըժապ: Երրորդ եւ վերջին կողմը՝ ծայրայեաղական իսլամամէտ խմբաւորումներն են, որոնց յառաջատարը «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ն է եւ որուն դէմ ռազմերը ամէն կողմէ կը շարունակուին, հակառակ Հալէպի, Դամասկոսի եւ Լաթաքիոյ մէջ յայտարարուած հրադադարին: Ինչպէս կառավարական ուժերուն, այնպէս ալ «չափաւորական» խմբաւորումներուն համար Հալէպը քաղաքական կարեւոր խաղաքարտ մըն է: Խաղաքարտ է մանաւանդ Ժընեւի մէջ կիսատ մնացած բանակցութիւններուն: Տեղին է նշել, որ կէս մնացած բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Մայիսի 18-ին, անշուշտ եթէ գետնի վրայ նոր կացութիւն ստեղծող զարգացումներ չըլլան:
Երեք օր առաջ Սուրիոյ մէջ վերահաստատուած հրադադարը, որ նախնական տուեալներով պիտի ընդգրկէր միայն Դամասկոսն ու Լաթաքիան, պիտի ընդգրկէր նաեւ Հալէպը: Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակը արագօրէն լայնածաւալ բանակցութիւններ կ՚իրականացնէր եւ ընդդիմադիր պատասխանատուներու հետ հանդիպած պահուն կը յայտնէր, թէ լուրջ մտավախութիւններ կան, թէ եթէ Հալէպի մէջ կրակմար չըլլայ, ապա չորս հարիւր հազար սուրիացի փախստականներ պիտի ուղղուին դէպի Թուրքիա, այդպէսով փախստականներու խնդիրը աւելի բարդացնելով: Բացի այդ խնդրէն կար նաեւ մարդկային ծանր վիճակը, որ ստեղծուած էր Հալէպի տարբեր շրջաններուն վրայ: Հինգ հիւանդանոցներ ծանր հրթիռարձակումներու ենթարկուած էին, ու անոնցմէ «Ալ Թապիք» անունը կրող կնոջական հիւանդանոցէն ներս զոհերուն թիւը կը հասնէր շուրջ քսանհինգի: Իսկ Հալէպի տարբեր հատուածներուն մէջ եռօրեայ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով կը զոհուէին մարդիկ, որոնց մէջ կային կիներ ու երախաներ: Այս բոլոր տուեալները բնական է, որ քննարկման առարկայ կը դառնային ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին առջեւ: Քննարկումներէն անդին ռուս եւ ամերիկացի արտաքին գործոց նախարարները միասնական ճիգեր իրականացնելով կը յաջողցնէին վերահաստատել փխրուն վիճակի մը մէջ յայտնուած հրադադարը: Ժընեւի մէջ եղած քննարկումներէն անմիջապէս ետք յայտատարութեամբ մը հանդէս գալով Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով կը յայտարարէր, որ Պեշար Էսատ իրենց դաշնակիցը չէ եւ իրենք Սուրիոյ նախագահին նեցուկ կը հանդիսանան, անոր ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարին զօրավիգ կանգնելու համար: Նման որակի յայտարարութիւն մը շփոթ ստեղծելու բոլոր հիմնադրոյթները ունի: Լաւրովի այս խօսքը կարելի է վերլուծել տարբեր տեսանկիւններէ մեկնելով եւ մօտեցումը նկատել պատգամի համազօր ներուժ ունեցող խօսք մը: Ի՞նչ կը թելադրէր Սէրկէյ Լաւրով: Աւելի՛ն. ի՞նչու այս հանգրուանին հանրութեան ըսել, որ Պեշար Էսատ դաշնակից մը չէ: Սուրիական կողմին համար շանթաժի ուժգնութիւն ունեցող այս խօսքը մինչեւ այս պահը կը մնար անտեսման առարկայ: Միւս կողմէ, Լաւրովի այս շփոթ ստեղծող յայտարարութիւնը կրնար նոր փուլի մը մասին առաջին խօսքը ըլլալ: Կամ ալ միտում մը, որուն մէջ կայ կառավարական ուժերուն որոշ թելադրանքներ տալու նպատակ: Այս բոլորէն բացի պէտք է նաեւ նկատել, որ ռուսական կողմը Սուրիոյ խնդրով բանակցող ընդդիմադիրներուն մասին ոչ մէկ անգամ ժխտական շեշտադրումներ կը կատարէ: Աւելի՛ն. Մոսկուա գրաւ կը դնէ սիւննի տարրին վրայ եւ կը ջանայ ամրագրել այն մօտեցումը, ըստ որուն առանց սիւննի տարրին գործօն մասնակցութեան անկարելի է Սուրիոյ տագնապին քաղաքական ելքեր գտնելու հնարաւորութիւնը:
Վերադառնալով Հալէպի ընդհանուր դրութեան՝ կարելի է ըսել, որ վերջին ցնցումը, որուն ենթարկուեցաւ Հալէպը, անսպասելի էր: Մանաւանդ ամիսներ առաջ ռուսական ուժերու միջամտութեան օրերուն, երբ բոլոր կողմերը համոզուած էին, որ Սուրիոյ բանակը ամէն գնով իր տիրապետութեան տակ պիտի առնէ Հալէպի բոլոր հատուածները: Այդ ծրագիրը մետասաներորդ պահուն կը ձախողէր ու աւելի ճիշդ ըսելու համար կ՚առկախուէր: Անկասելի ընթացքով զինուորական յառաջխաղաց գրանցող Սուրիոյ բանակը յանկարծ կը դադրէր յարձակողականի իր դիրքերէն եւ կը վերադառնար խրամատներ փորելու եւ սպասելու հին խաղին: Այս բոլորին դիմաց էսատեան վարչակարգին լռութիւնը աւելի ծանր կը կշռէր Հալէպի մէջ իրենց կեանքը շարունակել փորձող բնակչութեան համար, որուն վերջին յոյսը անշուշտ ռուսական բանակին պատրաստած նախագծին նախ գործի դրուիլը ու ապա այդ ծրագրին յաջողութիւնն էր:
Այս շրջագիծին մէջ դէպքերը նաեւ կը հաստատէին, որ Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն վճռած են, որ Սուրիոյ մէջ ոչ մէկ կողմ զգլխիչ առաւելութիւն պիտի ունենայ: Այսինքն իշխանութեան համար, ու հաւասարապէս ընդդիմադիր ուժերուն համար արգիլուած էր խաղակարգ փոխող յառաջընթաց գրանցել: Այս ձեւաչափը մինչեւ օրս կը շարունակուի, հակառակ անոր, որ խաղին մասնակից կողմերը տարբեր առիթներով կը փորձեն իրենց խաղադրոյքը կիրառել: Այս մօտեցման մէջ կարեւոր ճիգեր կ՚իրականցնեն սիւննի զինեալներու թիւ մէկ աջակից հանդիսացող Ռիատը, որուն ծրագիրները սակայն կը հանդիպին ձախողութիւններու:
Նոյնը կարելի չէ ըսել Իրանի համար: Թեհրան վերջին օրերու քննարկումներուն մէջ մեծագոյն բացական է: Ճիշդ է, որ Իրանի անմիջական հովանաւորութեամբ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի ջոկատներ կը շարունակեն Սուրիոյ կառավարական ուժերուն նեցուկ եւ յենարան դառնալ, բայց եւ այնպէս քաղաքական գետնի վրայ Թեհրանի կողմէ անհասկնալի լռութիւն մը կայ: Այս լռութիւնը կարելի է վերագրել Իրանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն երկրի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի կողմնակիցներուն կրած պարտութեան, բայց եւ այնպէս Խամանէյ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ ընդհանուր զարգացումներուն եւ այդ նպատակով Պէյրութ կ՚ուղղարկէ իր յատուկ բանագնացը՝ Ալի Աքպար Ուիլայաթին: Մինչ պէյրութեան աղբիւրներ կը հաղորդէին, որ Ուիլայաթի հանդիպում կ՚ունենար «Հիզպուլլահ»ի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլայի հետ, անդին չէր յայտարարուեր այցելութեան նպատակը:
Այս տուեալներէն բացի ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ ծանր քննադատութեան թիրախ կը դառնար Սուրիոյ Նախագահ Պեշար Էսատի Հալէպի ճակատամարտը մինչեւ վերջ մղելու եւ հոն յաղթանակ տանելու մասին յայտարարութիւնը: Այս յայտատարութիւնը որքան ալ անսպասելի ըլլար՝ տրամաբանական էր, որովհետեւ Սուրիոյ բանակի բարձրաստիճան պատասխանատու մը յայտարարած էր, թէ իրենց կողմէ ընդունուած հրադադարը միայն 48 ժամուան համար է:
Խօսելով Հալէպի հայկական համայնքի մասին՝ տեղին է նշել, որ անցնող տասը օրերը եղան բաւականին ծանր մեր հայրենակիցներուն համար: Մինչ այդ կենցաղային բարդ խնդիրներ ունեցող հալէպահայութեան համար կ՚աւելնար նաեւ ապահովական մտահոգութիւնը: Ծանր հրթիռակոծումներուն հետեւանքով կը զոհուէին հայորդիներ: Հայկական վարժարանները ստիպուած կը փակէին իրենց դռները եւ կեանքը գրեթէ կ՚անդամալուծուէր: Այսօր երբ հրադադարը կը գործէ, քիչ չեն այն տեսակէտը տարածողներ, որոնք գալիք օրերուն Հալէպէն հեռացողներու նոր ալիք մը պիտի յառաջանայ: Կեանքի եւ մահուան միջեւ տատանող մեր հայրենակիցներուն համար այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ առաջնային խնդիրը ապահովութիւնն է: Ու ամէն առիթի երբ պատերզամի նոր փուլ մը կ՚երեւի, անոնց համար ուշացած խաղաղութեան յոյսը մտածել կու տայ, որ Հալէպի ապագան մութ է եւ անորոշ:
Այս բոլորէն անդին երկու կարեւոր հարցադրումներ իրենք զիրենք կը պարտադրեն այսօր: Որքա՞ն ճշմարտացի է, որ Սուրիոյ բանակը նոր գործողութիւններու ձեռնարկելով պիտի փորձէ տիրապետել ամբողջ Հալէպին: Երկրորդ՝ արդեօք Ժընեւի յառաջիկայ բանակցութիւններու սեղանին պիտի մշակուի՞ն նոր նախադրեալներ, որոնց հիմքը պիտի ըլլայ փոխանցման կառավարութեան մը ստեղծումը: Երբ փոխանցման կառավարութեան մասին կը խօսուի, Արեւմուտքը ջատագոված կ՚ըլլայ առանց Էսատի անցումային փուլի մը սկսելու առաջարկը եւ արդեօք Մոսկուա պիտի ընդունի՞ այդ առաջարկը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան