ՆՈՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ՍՊԱՍՈՒՄ
Շուրջ երկու շաբաթ վերջ Թուրքիա պիտի ունենայ նոր վարչապետ մը։ Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ ԱՔ կուսակցութեան արտահերթ համագումարը տեղի պիտի ունենայ Մայիսի 22-ին եւ այժմու կուսակցապետը՝ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու թեկնածու պիտի չըլլայ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ահմէտ Տավուտօղլուի միջեւ ծայր տուած տարաձայնութիւնները այսպէսով պատճառ դարձան երկրի ներքին քաղաքական համայնապատկերի արմատական փոփոխութեան։ Հիմա կուսակցութիւնը կը պատրաստուի արտահերթ համագումարի, որ երկրորդը պիտի ըլլայ իր պատմութեան մէջ, իսկ Տավուտօղլու պիտի մնայ երեսփոխան։
Բնականաբար երկրի քաղաքական օրակարգը յեղաշրջուած է այս իրադարձութեան առջեւ։ Վերլուծաբաններ կը մատնանշեն, որ սա արդէն կը նշանակէ, որ գործնականօրէն Թուրքիա անցում կը կատարէ դէպի կառավարման նախագահական համակարգ։