ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ երկրի հայութիւնը կը շարունակէ կուրծք տալ անհաւատալի դժուարութիւններու։ Մասնաւորապէս Հալէպի բնակելի շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի կ՚ունենան աւերիչ դէպքեր, որոնց պատճառ դարձած ողբերգութիւնը կը հասնի անհաւատալի համեմատութիւններու։
Առկայ պայմաններուն ներքեւ, հակառակ երկրէն ներս ստեղծըւած արտասովոր կացութեան, Հայաստանի կառավարութիւնը կը ձգտի անուշադրութեան չենթարկել սուրիահայոց առկայ հարցերը։ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ լուծման որոնումները կը շարունակուին՝ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայոց առկայ հրատապ խնդիրներու յաղթահարման համար։ Վերջերս Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ դարձեալ տեղի ունեցաւ Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող պետական մարմիններու յանձնաժողովին նիստը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանոյշ Յակոբեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, թէ Սուրիոյ թնճուկը տակաւին չէ յաղթահարուած եւ այս առումով տեղւոյն հայերը անընդհատ շարժման մէջ են։ Նախարարը ընդգծեց, թէ Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայոց տեսակէտէ կը շարունակեն գլխաւոր խնդիրները մնալ՝ բնակարանն ու աշխատանքը։ Նախարարը շեշտեց, որ ներկայիս Սփիւռքի մէջ շարժում մը սկսած է՝ սուրիահայոց կարիքները դիմագրաւելու նպատակով հանգանակութիւն իրականացնելու համար։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը փորձէ ապահովել նաեւ աջակցութիւնը ՄԱԿ-ի համապատասխան գրասենեակին եւ այլ միջազգային կառոյցներու։ Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ միջազգային կառոյցները պէտք է լրջօրէն օգնեն Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայոց։
Յանձնաժողովի նիստին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ քաղաքացիութիւն եւ կացութեան կարգավիճակ ստացած սուրիահայոց հարցերը, ամփոփուեցան այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքները։
«Սուրիահայոց հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Լենա Հալաճեանն ալ անցեալ տարի կա-տարուած աշխատանքներու օրինակին ներքեւ բացատրութիւններ տուաւ այս տարուան տեւողութեան նախատեսուած քայլերուն շուրջ։