«ՍԵՆ ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿԻ ՕՐԵՐ»
Երէկ, Երեւանի մէջ սկսան «Սեն Փեթերսպուրկի օրերը»։ Այս առթիւ Երեւան այցելեց Սեն Փեթերսպուրկի նահանգապետ Կէորկի Փոլթաւչենքօ։ Այս վերջինը Երեւանի քաղաքապետարանէն ներս հիւրընկալուեցաւ քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ։ Սեն Փեթերսպուրկի օրերու ծիրէն ներս բացուեցաւ նաեւ Վալերի Փլոնթինքովի լուսանկարչական ցուցահանդէսը։
Կէորկի Փոլթաւչենքօ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրոյցի ընթացքին նախագահը ընդգծեց, որ Ռուսաստանի զանազան շրջաններուն հետ համագործակցութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւոր բաղկացուցիչներէն մին կը հանդիսանայ։ Երկու քաղաքապետները նախագահին դիտել տուին, որ պատրաստակամ են հետեւողականօրէն շարունակելու համագործակցութիւնը։
Սեն Փեթերսպուրկի նահանգապետը երէկ ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի կողմէ։
Միւս կողմէ, յառաջիկայ շրջանին կը նախատեսուի նաեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ «Երեւանի օրերու» կազմակերպումը։