ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԿՆԻՔ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Կրետէէն.-
Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակի յոբելենական մեծահանդէս տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին առարկայ դարձան ամբողջ հայաշխարհի ուշադրութեան։ Աշխարհամատրան կիրակիին զուգադիպած յոբելեանին առթիւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ պատարագեց Կրետէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։ Ընդհանրապէս շաբաթավերջը Հերակլիոնի մէջ բնորոշուեցաւ թէ՛ հայրապետական մեծահանդէս Ս. Պատարագով եւ թէ տեղւոյն հայկական գողտրիկ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկներով։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առթիւ հովուապետական այցելութիւն մը շնորհեց Կրետէ։ Նորին Սրբութեան ներկայութիւնը անշուշտ բոլորովին տարբեր հարթութեան մը վրայ դրաւ այս յոբելեանին իմաստն ու նշանակութիւնը՝ անոր վերագրելով պատմական երանգ մը։ Յունաստանի ղեկավարութիւնն ալ Նորին Սրբութեան այս այցելութեան նկատմամբ ցուցաբերեց մեծ կարեւորութիւն։ Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մարքոս Պոլարիս, որ ներկայ գտնուեցաւ Կրետէի ամբողջ ծրագրին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յանուն վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի, որ Նորին Սրբութեան ողջոյններ յղելու առընթեր զինքը կը հրաւիրէր այցելել նաեւ Աթէնք։
Վեհափառ Հայրապետը Կրետէ ժամանեց շաբաթ յետմիջօրէին։ Հերակլիոնի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մարքոս Պոլարիսի, Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսի, Կրետէի նահանգապետ Առնաութաքիսի, Հերակլիոնի քաղաքապետ Լամպրինոսի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ։ Օդակայանին մէջ Նորին Սրբութիւնը դիմաւորեցին նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Հայաստանի Աստուածաշնչեան ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմակալ առաջնորդ Տ. Եզրաս Արք. Ներսիսեան, Աթէնքէն՝ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան, Կրետէի ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոն Պենառտիս եւ իր ընկերները։ Նորին Սրբութեան հետ էին նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, Աթէնքի մօտ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, Յունաստանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Մերուժան Հարթենեան եւ այլ գործիչներ։ Օդակայանի մէջ հանդիսաւոր դիմաւորումէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը առաջնորդուեցաւ իր իջեւանած պանդոկը, որու մուտքասրահին բազմաթիւ ուխտաւորներ կը սպասէին ստանալու համար իր օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը, Կրետէի Արքեպիսկոպոսին հետ միջոց մը հանգիստ առաւ պանդոկի մուտքասրահին մէջ եւ զրուցեց ուխտաւորներուն հետ։ Աւելի վերջ, Իրինէոս Արքեպիսկոպոսի ուղեկցութեամբ Նորին Սրբութիւնը առաջնորդուեցաւ իր սենեակը հանգստանալու։
Երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած առաջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հերակլիոնի «Ասթորիա» սրահի երդիքին տակ։ Սա գեղարուեստական երեկոյթ մըն էր, որու սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսը, փոխ-նախարար Պոլարիս, Անտոն Պենարտիս, ինչպէս նաեւ Կրետէի նահանգապետարանի եւ Հերակլիոնի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները։ Յայտագրի ընթացքին սրահին մէջ ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Առաջին առթիւ Կրետէի տեղական պարախումբը ունեցաւ ելոյթ մը՝ արժանանալով ներկաներու ծափողջոյններուն։ Աւելի վերջ բեմ առին Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմէն այս յոբելեանը արժեւորելու համար Կրետէ փութացած երկու խումբեր։ Այդ խումբերու առաջինն էր Մոսկուայի Սուրբ Պայծառակերպութիւն Մայր տաճարի երգչախումբը։ Միւս խումբն էր Մոսկուայի Հայորդեաց տան «Հայասա» պարախումբը։ Այս երկու խումբերէն ալ թէեւ սահմանափակ թիւով ներկայացուցիչներ փութացած էին Հերակլիոն, սակայն անոնք յաջողութեամբ գործադրեցին իրենց յայտագիրը եւ իսկապէս խանդավառեցին հանդիսատեսները։
Երեկոյթը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ փոխանցուած պատգամով։ Բոլորը ուշադրութեամբ լսեցին Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքին, որու աւարտին յաջորդ առաւօտեան հայրապետական Սուրբ Պատարագին համար ժամադրուելով հրաժեշտ առին «Ասթորիա» սրահէն։ Շաբաթ երեկոյեան Կրետէի ծխական խորհուրդի գանձապետ Սանտի Աւետիսեան Նորին Սրբութեան եւ շքախումբի անդամներուն ի պատիւ սարքեց ընթրիք մը, որու մասնակիցները բաժակ բարձրացուցին Հայոց Հայրապետի կենաց արեւշատութեան համար։
Իսկ երէկ առաւօտ Հերակլիոնի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Պատարագ մատոյց՝ առընթերակայութեամբ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի։ Մեծահանդէս արարողութեան ներկայ էին գրեթէ բոլոր պաշտօնական հիւրերը եւ հոծ թիւով ուխտաւորներ, որոնք փութացած էին Աթէնքէն, Յունաստանի զանազան շրջաններէն, Պոլիսէն, Մոսկուայէն, Հայաստանէն եւ այլ վայրերէ՝ բաժնեկից ըլլալու համար Կրետէի փոքրաթիւ հայութեան ուրախութեան։ Հայրապետական Սուրբ Պատարագի ընթացքին հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Կրետէ բերուած Սուրբ Յովհաննու Կարապետի մասունքները համբուրելու եւ իրենց ուխտը կատարելու։ Սուրբ Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը տուաւ օրուան պատգամը, մինչ բազմաթիւ հաւատացեալներ հնարաւորութիւն ունեցան Նորին Սրբութեան ձեռամբ Սուրբ Հաղորդութիւն ստանալու։
Յաւարտ արարողութեան Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած հայկական խաչքարն ալ օծուեցաւ հանդիսաւոր արարողութեամբ։ 350-ամեայ յոբելեանի առթիւ Վեհափառ Հայրապետին կողմէ այս եկեղեցւոյ նուիրուած էր խաչքարը։ Նորին Սրբութիւնը զայն օծեց Սրբալոյս միւռոնով՝ բացօթեայ կատարուած արարողութեամբ։ Սա իսկապէս յոբելեանին շարժառիթով այս գողտրիկ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ դրուած նուիրական կնիք մը եղաւ։ Միջերկրականի սրտին վրայ հայկական նոր խաչքար մը զետեղուեցաւ, ինչ որ վկայութիւն մըն է թէ՛ հայոց վաղեմի ներկայութեան եւ թէ հաւատքին տեսակէտէ։ Վեհափառ Հայրապետն ալ արդէն Կրետէի այս կարեւոր յոբելեանը որակեց՝ որպէս հայոց հաւատի հանգանակ։
Հայրապետական Սուրբ Պատարագէն վերջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ի պատիւ պաշտօնական ընթրիք մը սարքուեցաւ Հերակլիոնի «Աքուիլա Աթլանթիս» պանդոկին մէջ։ Այս փուլին եւս ներկայ էին բոլոր պաշտօնական հիւրերը, որոնց միացած էին ուխտաւորներ եւ Կրետէի հայոց ներկայացուցիչները։ Պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին սրտի խօսք մը արտասանեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Արտայայտուեցաւ նաեւ Ծխական խորհուրդի ատենապետ Անտոն Պենառտիս։ Վեհափառ Հայրապետն ալ անմիջական ոճով մը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը։
Ճաշկերոյթի աւարտին պանդոկի մուտքասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեծ ջերմութեամբ ու խանդավառութեամբ շրջապատուեցաւ ուխտաւորներուն կողմէ։ Ան բոլորին բաժնեց իր օրհնութիւնները, բարեմաղթանքը եւ յորդորները։ Նորին Սրբութիւնը մինչ այդ առանձնազրոյց մըն ալ ունեցաւ Յունաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մարքոս Պոլարիսի հետ։
Օրուան տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը միջոց մը հանգստացաւ, իսկ երեկոյեան Ծխական խորհուրդը կազմակերպեց ընթրիք մը, որու մասնակիցներու շարքին էին Կրետէի եւ Հերակլիոնի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչները։
Այսօր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը կը հիւրընկալուի Կրետէի Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին կողմէ։