ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԱԾ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան մայիսի 3-ին հանդիպում մը ունեցաւ յայտնի երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի հետ:

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ 80-ամեայ յոբելեանի առիթով Բակօ Սահակեան անուանի երաժիշտին յանձնեց «Երախտագիտութիւն» մետայլ՝ կարեւոր համարելով անոր աւանդը Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման համար:

Հանդիպման ներկայ գտնուած են Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեան, Երեւանի քաղաքապետի տեղակալ Տիգրան Վիրաբեան եւ այլք։

Հանդիպումէն  ետք՝ Մանսուրեան «Արցախփրէս»ին յայտնեց, որ Արցախի մէջ պիտի ունենայ երկու համերգ, մէկը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, երբ պիտի հնչէ շարժապատկերներու հիման համար իր գրած երաժշտութիւնը, որ պիտի ուղեկցուի տեսապատկերով: Իսկ  միւսը՝ պիտի կազմակերպուի աւելի նեղ շրջանակներու մէջ, երբ պիտի ներկայացուին հայ բանաստեղծներու քերթուածներու հիման վրայ գրուած իր ստեղծագործութիւնները: Համերգներու կայացման ժամկէտները տակաւին կը քննարկուին:

Այս առթիւ Տիգրան Մանսուրեան նշած է նաեւ, թէ համերգներու ընթացքին հնարաւոր է, որ ըլլան նոր ստեղծագործութիւններ:

Խօսելով  Արցախի նախագահ  Սահակեանի  կողմէ  ստացած «Երախտագիտութիւն» մետայլով պարգեւատրուելու մասին՝ ան ըսած է. «Ինծի համար մեծ պատիւ է, որ իմ 80-ամեայ յոբելեանին առիթով Բակօ Սահակեան զիս պարգեւատրած է նման  մետայլով՝ նման  կերպով կարեւոր նկատելով իմ աւանդը Արցախի մշակոյթի զարգացման  գործին մէջ»:

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2019