ԵՐԵՒԱՆԻ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը 2020 թուականին հաւանաբար տեղի կ՚ունենայ նոյեմբերի 1-8 թուականներուն միջեւ։ Այսպէս, այս մասին հաղորդագրութիւն մը զետեղուած է փառատօնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջին մէջ։
«Փառատօնի խումբը այս օրերուն ձեռնպահ մնաց հապշտապ յայտարարութիւններ ընելէ՝ կապուած յուլիսի 12-19-ը «Ոսկէ ծիրան»ի իրականացման հետ, քանի որ թէ՛ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան, թէ՛ իր բազմաթիւ հայաստանեան եւ օտարերկրեայ գործընկերներու, թէ՛ գործընկեր փառատօներու հետ կը քննարկուէին զանազան բեմագրութիւններ՝ առցանց փառատօնէն մինչեւ զայն յետաձգել յաջորդ տարուան», ըսուած է գրառման մէջ:
Երկարատեւ քննարկումներու արդիւնքին «Ոսկէ ծիրան»ի խումբը այս պահուն նպատակայարմար համարած է փառատօնը իրականացնել 2020 թուականի նոյեմբերի 1-8 թուականներուն: Այլ ենթադրութիւններ եւս կան, բայց այս պահուն հաստատուած է նոյեմբերի 1-8 ժամկէտը:
«Յուսանք՝ ամէն ինչ լաւ կ՚ընթանայ: Այս անգամ մենք յուլիսին նման արգելքներու չենք հանդիպիր, բայց յոյս ունինք, որ նոյեմբերին կ՚իրականացնենք «Ոսկէ ծիրան» տօնը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: