ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՀԱԹՄԱ ԿԱՆՏԻ
Երեւանի մէջ կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։ Այսպէս, Երեւանի Հալաբեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին կը տեղադրուի Մահաթմա Կանտիի յուշարձանը։ Այս որոշումը առնուած է Երեւան քաղաքի աւագանիի 4-րդ նստաշրջանի 3-րդ նիստին ընթացքին։
Զեկուցողը՝ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի քաղաքաշինական գործունէութեան յատուկ կարգաւորման ծրագրերու բաժնի պետի պաշտօնակատար Անդրանիկ Սեդոյեան նշեց, որ որոշման ընդունման համար հիմք հանդիսացած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Երեւանի քաղաքապետին ուղղուած գրութիւնը։
«Այդ գրութիւնով կ՚առաջարկուի Հնդկաստանի հոգեւոր առաջնորդ, համաշխարհային պատմութեան ականաւոր քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ Մահաթմա Կանտիի 150-ամեակի կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղադրել անոր արձանը: Անոր տեղափոխման, տեղադրման, ինչպէս նաեւ մնացեալ բոլոր ծախսերը ըստ գրութեան կը հոգայ հնդկական կողմը։ Տարածքի տեղադիրքը համաձայնեցուած է հնդկական կողմի հետ», նշած է Սեդոյեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ ներկայացուած առաջարկը հաւանութեան արժանացած է Երեւանի գլխաւոր ճարտարապետի եւ աշխատակազմի ճարտարապետութեան եւ քաղաքաշինութեան վարչութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ համաձայնեցուած է աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան հետ:
43 «կողմ», 0 «դէմ» եւ 2 «ձեռնպահ» ձայներով ընդունուած է Մահաթմա Կանտիի արձանը Երեւանի մէջ տեղադրելու որոշումը։
Մահաթմա Կանտի Հնդկաստանի՝ Մեծն Բրիտանիայէն անկախանալու շարժման ղեկավարներէն եւ գաղափարախօսներէն մին էր: Կանտին որպէս պայքարի միջոց ընտրած էր խաղաղ ապստամբութիւնը, պայքարը՝ առանց չարութեան, կրակոցներու, որոնց ընթացքին մարդոց միակ զէնքը իրենց կեանքն է: Երբ անոր յամառ ջանքերու շնորհիւ 1947 թուականին Հնդկաստան խաղաղ ճանապարհով անկախացաւ Մեծն Բրիտանիայէն, աշխարհ համոզուեցաւ Կանտիի գաղափարախօսութեան արդիւնաւէտութեան կապակցութեամբ: Մահաթմա Կանտիի ծննդեան օրը՝ հոկտեմբերի 2-ը՝ Հնդկաստանի մէջ կը նշուի իբրեւ ազգային տօն, իսկ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ որպէս «Ոչ բռնութեան» օր: