ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ԵՄ ՄԻՇՏ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԻՐԵՆՑ ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ տեսաքոնֆերանս մը իրականացուցին Եւրոմիութեան հարեւանութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէիի հետ։ Այս վերջինը նոր նշանակուած է իր պաշտօնին։ Այս առթիւ Մհեր Գրիգորեան յղեց շնորհաւորութիւններ եւ վստահութիւն յայտնեց, թէ յանձնակատարի գործունէութեան տարիներուն Հայաստան-ԵՄ սերտ գործընկերութիւնը ա՛լ աւելի կը խորանայ։ Յանուն Հայաստանի կառավարութեան, փոխ-վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՄ-ի կողմէ Հայաստանի համար ներկայ բարդ ժամանակաշրջանին ցուցաբերուած աջակցութեան բերումով։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս համաճարակի իրավիճակին եւ սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման։ Մհեր Գրիգորեան կանգ առաւ նաեւ համաճարակի ընկերատնտեսական հետեւանքներու չէզոքացման նպատակով կառավարութեան կողմէ մշակուած աջակցութեան 16 ծրագրերու բովանդակութեան վրայ։ Ըստ իրեն, կառավարութեան եւ ԵՄ-ի Երեւանի պատուիրակութեան միջեւ ամենօրեայ աշխատանքը կը շարունակուի՝ յստակեցնելու համատեղ գործողութիւնները ստեղծուած իրավիճակին համարժէք յառաջ տանելու նպատակով։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան գոհունակութեամբ ընդգծեց, որ առկայ բարդ իրավիճակին մէջ հնարաւոր եղած է ապահովել Հայաստան-ԵՄ համատեղ օրակարգի առանցքային ուղղութիւններուն մէջ ձեռնարկուած ծրագրերու շարունակականութիւնը՝ ներառեալ դատաիրաւական եւ ոստիկանական բարեփոխումները, նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացումը։
Իր կարգին, Օլիվեր Վարհէի բարձր գնահատեց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուած հակաճգնաժամային գործողութիւնները։ Ան վստահեցուց, թէ փոխ-վարչապետին կողմէ մատնանշուած համագործակցութեան ուղղութիւնները Հայաստան-ԵՄ օրակարգին վրայ պիտի պահպանուին՝ որպէս առաջնահերթութիւն։ Եւրոպացի յանձնակատարը դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը կանգնած է իր գործընկերներու կողքին նաեւ ճգնաժամային ժամանակներու մէջ, որոնց օրինակներէն մին է քորոնաժահրի համաճարակը։ Եւրոպական կողմը յանձնառու է աջակցելու Հայաստանին՝ տնտեսութեան վերականգնման եւ զարգացման ուղղութեամբ, ներառեալ ենթակառուցուածքներու ծրագրերու միջոցաւ։
Զրուցակիցները ընդգծեցին Հայաստան-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը՝ որպէս բարեփոխումներու յենասիւներէն մին ամբողջապէս կիրառելու կարեւորութիւնը։ Զօհրապ Մնացականեանն ալ Հայաստան-ԵՄ գործընկերութեան համատեսքին մէջ ընդգծեց Արեւելեան գործընկերութեան հարթակի պահպանման կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, սա նշանակալից է արժէքներու հիման վրայ, ներառական համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ այդ ծրագրի ընդգրկած տարածքաշրջանի երկիրներու միջեւ համագործակցութեան խրախուսման եւ խթանման տեսանկիւնէ։ Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-ԵՄ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացման շուրջ երկխօսութեան սկիզբի կարեւորութիւնը։