ՆՈՐ ԶԵԼԱՆՏԱՆ ՉԻ ԲԱՆԱՐ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Նոր Զելանտան դեռ երկար ժամանակ չի բանար սահմանները օտարերկրացիներու համար։ Այսպէս, Նոր Զելանտայի վարչապետ Ճասինտա Արտերն յայտարարած է, որ, քորոնաժահրով պայմանաւորուած, դեռ երկար ժամանակ չի պատրաստուիր բանալ սահմանները օտարերկրացիներու համար: Ան տեղեկացուցած է, որ Աւստրալիոյ հետ քննարկած են երկու երկիրներու քաղաքացիներու տեղաշարժի հնարաւորութիւնը: Ճասինտա Արտերն շեշտած է, որ այլ երկիրներու քաղաքացիները դեռ հնարաւորութիւն չեն ունենար մուտք գործելու Նոր Զելանտա:
Նոր Զելանտան եւ Աւստրալիան շատ արագ փակած են իրենց սահմանները օտարերկրացիներու համար, երբ աշխարհի մէջ տեղի ունեցաւ քորոնաժահրի բռնկումը: Երկու երկիրներն ալ ներկայիս կը յայտնեն վարակի տարածման դէմ պայքարի կապակցութեամբ իրենց յաջողութեան մասին:
Նոր Զելանտան երկրորդ օրն ըլլալով անընդմէջ կ՚արձագանգէ նոր դէպքերու չյայտնուելուն մասին: Երկրին մէջ ընդհանուր առմամբ արձանագրուած է վարակեալներու 1137 դէպք, 20 հոգի մահացած է: Աւստրալիոյ մէջ հաստատուած դէպքերու թիւը կը կազմէ աւելի քան 6 հազար 800 հոգի, իսկ մահացած է 96 հոգի: Վերջին օրերուն այնտեղ արձանագրուած է 10-19 նոր դէպք: