ՌՈՆԱԼՏՈՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԻՏԱԼԻԱ

Աշխարհահռչակ ֆութպոլի աստղ, Թուրինի «Եուվենթուս» խումբի փորթուգալցի յարձակող Քրիստիանօ Ռոնալտօ վերադարձած է Իտալիա: Այս մասին կը գրէ Football Italia-ն: Ռոնալտոյի սեփական ինքնաթիռը ժամանած է Թուրին, մայիսի 4-ին: Երկու շաբաթ ինքնամեկուսացումէ յետոյ Ռոնալտօ կը միանայ «Եուվենթուս»ին՝ մարզումներու համար:

Աւելի առաջ յայտնի դարձած էր, որ  Իտալիոյ կառավարութիւնը որոշած է թոյլատրել ակումբներուն վերսկսիլ մարզումները մայիսի 4-էն սկսեալ: Մարզումները տեղի կ՚ունենան ակումբներու մարզաբաժաններուն մէջ՝ առանձին փոքր խումբերով եւ պահպանելով ընկերային հեռաւորութիւն:

Քորոնաժահրի համավարակի պատճառով Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութիւնը դադրեցուած էր մարտի 13-ին: Վերսկսելու պարագային այն պիտի կատարուի առանց հանդիսականներու:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2020