ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ
 Քորոնաժահրի համաճարակի առկայ պայմաններուն ներքեւ ամբողջ աշխարհի ուշադրութիւնը կեդրոնացած մնալ կը շարունակէ պատուաստանիւթերու վրայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Պատուաստանիւթերու համաշխարհային համագումարին կողմէ աշխարհի լաւագոյն պատուաստանիւթը ճանչցուեցաւ «Moderna»ն։ Հարկ է նշել, որ այս պատուաստանիւթը կ՚արտադրուի ամերիկեան «Moderna Therapeutics» կենսափորձագիտական ընկերութեան կողմէ։ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնն ալ արձագանգ հանդիսացած է այս իրադարձութեան՝ նշելով, որ նոյն տիտղոսին կը յաւակնէին նաեւ «Pfizer», «Սփութնիք V» եւ «AstraZeneca» պատուաստանիւթերը։

Հարկ է նշել նաեւ, որ աշխարհի լաւագոյնը հռչակուած «Moderna» պատուաստանիւթը կ՚արտադրէ աշխարհահռչակ ամերիկահայ գիտնական ու գործարար Նուպար Աֆէեանի կողմէ հիմնադրուած ընկերութիւնը։