ԱՌԱՋԱՐԿ

Յետպատերազմեան ցնցումներու եւ ծագած քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ, վերջին ամիսներուն զանազան հանդիպումներ տեղի ունեցած են Հայաստանի եւ Արցախի նախկին նախագահներու մասնակցութեամբ։ Նման ձեւաչափով վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած է մարտի 25-ին՝ մասնակցութեամբ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ինչպէս նաեւ Արցախի նախկին ղեկավարներ Արքատի Ղուկասեանի եւ Բակօ Սահակեանի։ Այդ հանդիպման ընթացքին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան ներկայացուցած է առաջարկ մը, որպէսզի նախկին ղեկավարներու կողմէ գլխաւորուած կամ անոնց սատարող քաղաքական ուժերէն, հասարակական կազմակերպութիւններէն եւ հեղինակաւոր մտաւորականներէն կազմուած «Ազգային համաձայնութեան դաշինք» մը կազմուի եւ նոյնանուն ցուցակով մը մասնակցութիւն բերուի մօտալուտ արտահերթ ընտրութեան։

Մարտի 25-ի այդ հանդիպման ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան մերժած է այդ առաջարկը։ Երէկ, այդ հանդիպման ժամանակ կատարած առաջարկը Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կրկնեց հրապարակաւ։ «Եթէ երեք նախագահները միանային» խորագրեալ յօդուած մը հրապարակեց Տէր-Պետրոսեան, որու կողմէ օրակարգի վրայ բերուած առաջարկին համամիտ չգտնուեցան Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան։

Տէր-Պետրոսեան երէկ հրապարակեց իր կողմէ պատրաստուած եւ նախկին ղեկավարներու քննարկման ներկայացուած յայտարարութեան նախագիծը, որու մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Նկատի ունենալով պատերազմէն վերջ մեր ժողովուրդի հոգեկան հաւասարակշռութեան վերականգնման հրատապ անհրաժեշտութիւնը, ներքին քաղաքական գերլարուած իրավիճակի շուտափոյթ լիցքաթափման, ատելութեան խօսքի ապագայ խորացումներէն եւ բախումներէն խուսափելու հրամայականը, իր եռամեայ գործունէութեան ընթացքին պետական կառավարման բոլոր բնագաւառներուն մէջ լիովին ձախողած իշխանութեան՝ ամէն գնով վերարտադրուելու հիւանդագին ձգտումն ու անոր ակնյայտ կործանարար հետեւանքները, Հայաստանի մէջ պահու պահանջները բաւարարող նոր իշխանութեան ձեւաւորման եւ հանրային համերաշխութեան համազգային սպասումը՝ կը յայտարարենք, որ անկախ նախապէս մեր ունեցած սկզբունքային տարաձայնութիւններէն եւ սուր հակասութիւններէն, գիտակցելով մեր պատասխանատուութիւնը երկրի ճակատագրին նկատմամբ, անձնապէս չյաւակնելով իշխանութեան նոր ձեւաւորուելիք համակարգին մէջ որեւէ պաշտօն զբաղեցնելու, յառաջիկայ ընտրութիւններուն մենք պիտի մասնակցինք (...) «Ազգային համաձայնութեան դաշինք» անուանումը կրող ցուցակով։ Համոզուած ենք, թէ այս նախաձեռնութիւնը դրական արձագանգի կ՚արժանանայ ողջ հայութեան եւ միջազգային հանրութեան կողմէ։ Ընտրական գործընթացի սկզբնաւորման պաշտօնապէս յայտարարումէն եւ դաշինքի ցուցակի հրապարակումէն յետոյ հանդէս կու գանք մամլոյ ասուլիսով»։

Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը երէկ արձագանգեց այս հրապարակումին։ Այսպէս, տեղեկացուած է, որ Քոչարեան կը նախատեսէ այլ ձեւաչափով մը մասնակցիլ ընտրութիւններուն եւ յառաջիկային համապատասխան յայտարարութիւնները պիտի կատարուին։

Սերժ Սարգսեանի գրասենեակն ալ արձագանգեց Տէր-Պետրոսեանի յայտարարութեան։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ երրորդ նախագահի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը դաշինք կազմած է «Հայրենիք» կուսակցութեան հետ՝ մասնակցելու համար յառաջիկայ ընտրութիւններուն։ Ըստ Սարգսեանի գրասենեակին, երրորդ նախագահի դիրքորոշումն է, որ առկայ իրավիճակին մէջ խնդիրներու լուծման համար անհրաժեշտ է ընտրել արդիւնաւէտ մարտավարութիւն մը։ Ուստի, անձնտուութեան ենթարկուած իշխանութեան դէմ պայքարը կրնայ իրականացուիլ զանազան ձեւաչափերով։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021