ԼԱՒՐՈՎԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան։ Ռուս նախարարը երէկ օրուայ երկրորդ կէսին մեկնեցաւ Երեւան, ուր Զուարթնոց օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի կողմէ։ Լաւրով այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։ Լաւրով տեղւոյն Յիշողութեան պուրակին մէջ ջրեց 2007 թուականին իր տնկած եղեւինը։ Այս առաւօտ Երեւանի մէջ արդէն տեղի ունեցաւ Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի առանձնազրոյցը, որմէ վերջ սկսան ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները՝ նախարարներու գլխաւորութեամբ։ Անոնք կը սարքեն նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը եւ Սերկէյ Լաւրով օրուան տեւողութեան կը հիւրընկալուի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։

Սերկէյ Լաւրովի Երեւան ժամանման իսկ օրը՝ երէկ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճան պիտի խոչընդոտէ տարածքաշրջանէ ներս ապաշրջափակումը։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ կառավարութիւն-խորհրդարան հարցում-պատասխանը։

«Մեզի համար գերակայ խնդիր պէտք է ըլլայ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը, Հայաստանի ապաշրջափակումը։ Այժմ այս նիւթին շուրջ կ՚ընթանան քննարկումներ։ Կը կարծեմ, թէ Ատրպէյճան պիտի շարունակէ ունենալ ապակայունացնող դիրքորոշում մը եւ ամէն ինչ պիտի ընէ զանազան յայտարարութիւններով, մեր հանրութեան շրջանակներէն ներս անհեթեթ վախեր սերմանելով, որպէսզի այդ ապաշրջափակումը տեղի չունենայ», ըսաւ Փաշինեան։

Բաց աստի, ան խորհրդարանի ամպիոնէն ընդգծեց, որ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ապահովումը ռազմավարական ուղղութիւն մըն է եւ այս կապակցութեամբ անկիւնաքարային նշանակութիւն ունին հայ-ռուսական համատեղ զօրախումբը եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգը։ «Որպէս այս գործընթացի շարունակութիւն՝ պէտք է լրջօրէն վերափոխենք մեր բանակը եւ ռազմավարական հեռանկարով ունենանք արհեստավարժ բանակ մը։ Խնդիրը, որ մեր առջեւ կը դնենք, նաեւ ժողովրդագրական վիճակի էական փոփոխութիւնն է, կրթութեան որակի էական փոփոխութիւնն է», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Լաւրովի Երեւան այցելութեան սեմին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Միացեալ Նահանգներ) հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այս առթիւ անոնք ողջունեցին Ատրպէյճանի կողմէ նախօրէին երեք հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումը։ Համանախագահները կոչ ուղղեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն՝ ամբողջութեամբ եւ արագօրէն աւարտին հասցնել ձերբակալեալներու եւ զոհերու դիերու փոխանակման հարցը եւ յարգել այն պարտաւորութիւնները, որոնցմով կալանաւորներու նկատմամբ մարդասիրական վերաբերմունքը կ՚երաշխաւորուի։ Անոնք հակամարտ կողմերուն նաեւ յորդորեցին՝ փոխանակել բոլոր տուեալները, որոնք անհրաժեշտ են ռազմական գործողութիւններու պատահած շրջաններու արդիւնաւէտ ականազերծման համար։ Միջնորդները հերթական անգամ կոչ ուղղեցին, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղ մուտքի պարագային հաստատուած սահմանափակումները վերցուին՝ ներառեալ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն համար։ Ըստ յայտարարութեան, եռանախագահները կը խրախուսեն կողմերը՝ ձեռնարկելու յստակ քայլեր փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ մը ստեղծելու համար, խաղաղութեան ամրապնդման նպատակով։ Միեւնոյն ժամանակ անոնք յիշեցուցած են իրենց նախկին յայտարարութեան մէջ մատնանշուած կէտերը՝ մասնաւորապէս, բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան վերսկսումը համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ, առաջին իսկ հնարաւորութեան պարագային։

Իր կարգին, Արա Այվազեան երէկ միջնորդներու այս յայտարարութեան կապակցութեամբ արժեւորումով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի խորհրդարանի ամպիոնէն։ «Ուրախ եմ արձանագրել, որ Մինսքեան խմբակի համանախագահութիւնը կարծես թէ ցոյց կու տայ իր վերակենդանացման նշանները։ Մենք լիայոյս ենք, թէ մենք կ՚ունենանք ուժեղ համանախագահութիւն, որ ո՛չ թէ կը հետեւի գործընթացներուն, այլեւ կը ղեկավարէ զանոնք», ըսաւ նախարարը։

Բաց աստի, Արա Այվազեան նշեց, որ Սերկէյ Լաւրովի շփումներուն ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսման վերաբերեալ հարցեր։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021