ՆՈՐ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԵԿՆԱՐԿ

Գահիրէի մէջ երէկ սկսան Թուրքիա-Եգիպտոս երկօրեայ բանակցութիւնները, որոնք տեղի կ՚ունենան արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւններու մակարդակով։ Ութ տարուան պարբերութենէ մը վերջ Անգարայի եւ Գահիրէի միջեւ կը ծաւալուին քննարկումներ։ Թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Սետաթ Էօնալ։ Հիւրընկալ երկրի պատուիրակութեան գլուխը կը գտնուի Եգիպտոսի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Համտի Սանատ Լոզա։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով, երկու երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ այս բանակցութիւնները նուրբ բնոյթ կը կրեն եւ անոնց օրակարգին վրայ կը գտնուի առանցքային երեք հարց։ Բացի Լիպիոյ իրադարձութիւններէն, Միջերկրականի արեւելքին ջրային տարածքի իրաւասութիւններու սահմաններուն յստակեցումը առաջնահերթ քննարկման նիւթ կը դառնայ։ Եգիպտոսի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն հռչակուած «Մահմետական եղբայրներ»ու վերաբերեալ խնդիրներն ալ կը գտնուին սեղանի վրայ։

Լիպիոյ պարագային Թուրքիա եւ Եգիպտոս տարբեր կողմերու սատար կը հանդիսանան։ Ուստի Անգարա-Գահիրէ համագործակցութիւնը կրնայ նպաստել Լիպիայէ ներս կայունութեան ապահովման։

Ինչպէս Լիպիոյ, այնպէս ալ Եգիպտոսի պարագային Թուրքիոյ տեսակէտէ ծովու իրաւասութեան սահմաններու յստակեցումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։ Արդարեւ, Յունաստանի եւ Յունական Կիպրոսի առաւելապաշտ պահանջներուն դէմ՝ սա հաւասարակշռիչ գործօնի մը կրնայ վերածուիլ։

Կը հաղորդուի, որ Գահիրէի բանակցութիւնները այսօր կը հասնին իրենց աւարտին։ Ընդհանուր առմամբ, կողմերը փոխըմբռնումի մը հասած ըլլալ կը թուին, ինչ որ գետին կը պատրաստէ նաեւ յառաջիկայ շրջանին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Եգիպտոսի Արտաքին գործոց նախարար Սամիհ Շիւքրիի միջեւ հանդիպման մը կազմակերպման համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021