ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան կողմէ։ Ղարիպաշվիլիի ընկերակից պատուիրակութեան կազմին մէջ էր Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանի, որ եւս իր հերթին տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Իրակլի Ղարիպաշվիլի օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ վարչապետ Ալի Ասատովի կողմէ։ Երէկուան շփումները առիթ հանդիսացան, որպէսզի Թիֆլիզի ղեկավարութիւնը ընդգծէ իր պատրաստակամութիւնը շարունակելու համար Պաքուի հետ համատեղ ծրագրերը, որոնք ա՛լ աւելի պիտի ամրապնդեն երկկողմանի յարաբերութիւնները։

Երէկուան հանդիպման ժամանակ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի կառավարութեան՝ «Հարաւային կազային միջանցք» ծրագրի իրականացման ուղղութեամբ ցուցաբերուած աջակցութեան համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Իլհամ Ալիեւ ընդգրեց, որ սոյն նախագիծը կարեւոր է թէ՛ Հարաւային Կովկասի եւ թէ ամբողջ Եւրոասիոյ տարածքաշրջանի ընդհանուր զարգացման, կայունացման եւ համագործակցութեան համար։

3500 քիլօմեթր երկարութեամբ այդ խողովակաշարը անցեալ տարիէն ի վեր Ատրպէյճանի բնական կազը կը հասցնէ Եւրոպայի հարաւը՝ Վրաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով։ Այդ խողովակաշարը կարեւոր այլընտրանք մըն է՝ նուազեցնելու համար Արեւմուտքի ուժանիւթային կախուածութիւնը Ռուսաստանէն։

Ղարիպաշվիլիի պաշտօնական այցելութենէն առաջ Իլհամ Ալիեւ յայտնած էր, որ շփումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կը գտնուին տարածքաշրջանի ապաշրջափակման եւ համագործակցութեան նոր ձեւաչափերուն վերաբերեալ հարցերը։

Արցախի երկրորդ պատերազմին զուգահեռ տարածքաշրջանէ ներս ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Թիֆլիզ զանազան առիթներով կրկնած է իր առաջարկը՝ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ երկխօսութեան հարթակ մը դառնալու համար։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021