ՇՓՄԱՆ ԳԾԻ ԿԵԱՆՔ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեան երէկ խորհրդարանի մէջ երեսփոխանի մը հարցումին պատասխանելով անդրադարձաւ Սիւնիքի մարզի կացութեան։ Ան մանաւանդ կանգ առաւ Արաւուս համայնքէն ներս տեղի ունեցած վերջին դէպքին վրայ՝ երբ Ատրպէյճանի բանակէն երկու զինուոր բռնութեան ենթարկած էր Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի հովիւ մը։

Ըստ Վաղարշակ Յարութիւնեանի, այս դէպքը պատահած է, որովհետեւ հովիւը մօտեցած է սահմանին։ Տեղի ունեցած է քաշքշուք, ինչ որ աւելի վերջ հարթուած է։ «Կ՚ուզեմ յստակ ըսել, որ այժմ ամբողջովին կը պահպանուին այն սահմանները, որոնք նախատեսուած էին Խորհրդային Միութեան ժամանակ եւ արդէն ճանչցուած՝ անկախ Հայաստանի ժամանակ։ Հիմա ըսեմ, որ կան տեղեր, ուր մերոնք 50 մեթր առաջ են, կան նաեւ տեղեր, ուր հակառակորդն է։ Սա պայմանաւորուած է այն հանգամանքով, որ դիրքը հնարաւոր չէ դնել այնպիսի տեղ մը, ուր չ՚ապահովեր անվտանգութիւնը եւ վերահսկողութիւնը», ըսաւ Յարութիւնեան։

Ի շարունակութիւն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան նշեց, որ ստորնացման խնդիրներ չկան, բայց համապատասխան մարմինները պէտք է քաղաքացիները իրազեկեն, որպէսզի այդ դիրքերուն չմօտենան։ «Սա բնական շփման գծի կեանքն է, որ եղած է եւ կ՚ըլլայ։ Երեսուն տարիէ սա կ՚ըլլայ Ղարաբաղի մէջ եւ այստեղ ամենակարեւորն է, որ չկան դէպքեր, որոնք զոհերու կամ վիրաւորներու պատճառ դարձած են։ Այսպէս դէպքեր կ՚ըլլան, պէտք է եզրակացութիւն ընենք եւ ամէն ինչ ընենք, որպէսզի հովիւը չերթայ եւ չմօտենայ Ատրպէյճանի դիրքերուն», ըսաւ Վաղարշակ Յարութիւնեան։

Հինգշաբթի, Մայիս 6, 2021