«ԵՐԵՒԱՆԻ ԵՒ ՊԱՔՈՒԻ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐՈՒ ՀԻՄԱՆ ՎՐԱՅ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍԿՍԻԼԸ ՕՐԻՆԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄ Է»

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ սահմաններու յստակեցման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովին վերաբերեալ քննարկումները կը շարունակուին։

Երէկ, Հայաստանի կառավարութեան ժողովէն վերջ Արմէն Գրիգորեան յայտարարութիւններ ըրաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն։ Պատասխանելով Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման հարցերով երկկողմանի յանձնաժողովի մը ստեղծման խնդրին՝ Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ ներկայիս խտացեալ քննարկումները կը շարունակուին եւ յոյս կայ, թէ մօտակայ շրջանին հանդիպում մը ըլլայ։ «Քննարկումները մօտեցումներու շուրջ է աշխատանքային խումբին հետ կապուած։ Այլ մասերով ալ կան հարցեր, որոնց պատասխանները վերջնականօրէն չենք գտած։ Հրապարակային յայտարարութիւն եւ հանդիպում կ՚ըլլայ», ըսաւ ան։

Երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ Գրիգորեան յայտնեց, որ ցարդ Երեւան եւ Պաքու անկլաւներու վերաբերեալ հարցեր չեն քննարկած։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նոր հանդիպման մը կազմակերպման հաւանականութեան մասին։ Իր խօսքով՝ տակաւին կան հարցեր, որոնց պատասխանները ունենալէ յետոյ միայն պիտի սկսին քննարկումները այդ հաւանական հանդիպման համար։ Արմէն Գրիգորեան այս բոլորը ըսաւ՝ ներկայ շաբթուայ սկիզբին Պրիւքսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմէն Հիքմէթ Հաճիեւի հետ ունեցած հանդիպման լոյսին տակ։

Արմէն Գրիգորեան երէկ հերթական անգամ դիտել տուաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաւանական պայմանագրի հարցերէն մէկը իրարու տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումն է։ Անդրադառնալով Ալիեւի վերջին կարգ մը յայտարարութիւններուն՝ Գրիգորեան յայտնեց, որ անոնք չեն նպաստեր խաղաղութեան օրակարգի ձեւաւորման։ Ան կարեւորեց այս հարցին շուրջ հանգիստ մթնոլորտի մէջ աշխատանքի ապահովումը։

Մամլոյ ասուլիսի ժամանակ Արմէն Գրիգորեան անդրադարձաւ նաեւ վերջին շրջանին Պաքուի կողմէ Երեւանին ներկայացուած հինգ առաջարկներուն ու Երեւանի կողմէ Պաքուին ներկայացուած վեց կէտերուն։ «Չեմ տեսած, որ Ատրպէյճան հրապարակաւ մերժէ Հայաստանի վեց կէտերէ բաղկացեալ առաջարկը։ Հայաստանի համար Ատրպէյճանի առաջարկած կէտերը անընդունելի չեն եղած։ Իր վեց կէտերուն մէջ Հայաստան առաջարկած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին եւս պէտք է լուծում տրուի, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ համապարփակ խաղաղութիւն ունենալ։ Այս պահուն մեր մօտեցումը այն է, որ այդ երկու ծրարները 5+6 կէտերը պէտք է իրարու միացնել եւ պէտք է սկսիլ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ բանակցութիւնները, որպէսզի ունենանք Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ լուծումը։ Հայաստան յայտարարած է, թէ առաջնային է Արցախի մէջ բնակող հայրենակիցներու անվտանգութեան, պաշտպանութեան եւ իրաւունքներու հարցերուն լուծում գտնելը եւ ըստ այդմ պէտք է ձեւաւոր-ւի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը։ Այդ ծրարին հրապարակային մերժում չեմ տեսած։ Մեր քննարկումներուն մէջ, ուր այդ երկու ծրարը միացնել եւ բանակցութիւններու սկսելու, ըմբռնում կայ։ Այդ ըմբռնումը կայ թէ՛ Ատրպէյճանի կողմէ եւ թէ մնացեալ բոլոր միջազգային գործընկերներու մօտ։ 5+6 կէտերու շուրջ բանակցութիւններու սկսիլը օրինական մօտեցում է եւ մենք տեսած ենք այդ ըմբռնումը», նշեց Արմէն Գրիգորեան եւ աւելցուց, որ հայկական կողմը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծումը կը տեսնէ անվտանգութեան ապահովումով։

«Մենք հիմնախնդրի լուծումը կը տեսնենք անվտանգութեան ապահովումով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու անվտանգութեամբ, ինչպէս նաեւ իրաւունքներու ապահովմամբ։ Ըստ այդմ ալ պէտք է կարգավիճակը որոշուի։ Նաեւ անվտանգութիւնը ապահովելու երաշխիքներ պիտի ըլլան։ Մենք այս պահուն չենք գիտեր, թէ հաստատութենական տեսանկիւնէն ինչպիսի երաշխիքներ պիտի ըլլան։ Կը քննարկենք այդ բոլորը բանակցութիւններու ժամանակ եւ եթէ որոշման մը յանգինք ու տեսնենք, որ մեր հայրենակիցներու անվտանգութիւնը միանշանակ պիտի ապահովուի, մենք համաձայնութիւն կու տանք», եզրափակեց Գրիգորեան։ 

Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022