Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔ
Երեւանի Սենեկային թատրոնէն ներս սկսած է ներկայացումներու շարք մը, որ թատերասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ կը դառնայ։ «Քուլիսներու մէջ կամ թատրոնի անաթոմի» անուն թատերախաղին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր՝ խանդավառութեան առիթ դառնալով գեղարուեստասէրներու մօտ։ Բեմադրիչն է Դաւիթ Աբրահամեան։
Դերասաններն են Մխիթար Աւետիսեան, Սենիկ Բարսեղեան, Էվա Խաչատրեան, Ժորա Յովհաննիսեան, որոնք երգով, պարով, երգիծանքով թատերասէրները կ՚առաջնորդեն դէպի քուլիսներ, կը ծանօթացնեն ներքին անցուդարձին ու կը խօսին այն խոչընդոտներուն մասին, որոնք յաղթահարուած են երազանքի ճանապարհին։ Այսպէսով անոնք կը յիշեցնեն՝ որեւէ պարագայի մէջ պէտք չէ յուսահատիլ, անհրաժեշտ է սիրել թատրոնը ու նպաստել անոր յառաջընթացին։
Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022