ՊԱՐԸ՝ ՆՈՅՆ ԼԵԶՈՒՆ
29 ապրիլին ամբողջ աշխարհի մէջ կը նշուի Համաշխարհային պարի օրը, որուն 1982 թուականին առաջին անգամ նախաձեռնուած է Պամաշխարհային պարի կոմիտէի կողմէ։ Այս տօնը ձօնուած է արդի պալէի հիմնադրին՝ Ժան-Ճորճ Նուվերի ծննդեան օրուան։
Համաշխարհային պարի օրը կոչուած է միաւորել պարի բոլոր ուղղութիւնները՝ նաեւ համախմբել աշխարհի զանազան երկիրներէ պարողներ։ Այս օրը նաեւ առիթ կը դառնայ մեծարելու այս արուեստի զանազան ձեւերը, անոր կարողութիւնը՝ յաղթահարելու բոլոր քաղաքական, մշակութային եւ էթնիք սահմանները։ Այս օրը հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ նաեւ միաւորել մարդիկ՝ յանուն խաղաղութեան եւ բարեկամութեան, անոնց նաեւ թոյլ տալով խօսելու նոյն լեզուով՝ պարով։
Այս օրը տօն է մանաւանդ անոնց համար, որոնք ունակ են տեսնել արուեստի մէջ պարի արժէքն ու կարեւորութիւնը եւ հանդէս կու գան կոչով կառավարութիւններու, քաղաքական գործիչներու եւ հաստատութիւններու, որոնք տակաւին չեն ճանչցած պարելու արժէքը ժողովուրդներու թէ՛ ներքին համերաշխութեան եւ թէ փոխյարաբերութիւններուն համար։