Ուրբաթ 31, Յունուար 2025
ՕԴԱՅԻՆ ՄԱՐԶԻ ԱՐԳԵԼՔ
Հայաստանի «FlyOne Armenia» ընկերութիւնը, որ կ՚իրականացնէ Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքները, երէկ տեղեկացուց, թէ Թուրքիա չէ թոյլատրած, որ իր օդային տարածքով այդ նոյն ընկերութիւնը չուերթներ կատարէ դէպի Եւրոպա։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Թուրքիոյ օդագնացութեան իշխանութիւնները հնարաւորութիւն չեն տուած, որպէսզի ընկերութիւնը օգտուի երկրի օդային մարզէն։
Ստեղծուած իրավիճակին մէջ մինչեւ յունիսի 10-ը չեղարկուած են այս ընկերութեան Երեւան-Լիոն-Երեւան եւ Երեւան-Փարիզ-Երեւան ուղղութիւններով թռիչքները։
Յամենայնդէպս, «FlyOne Armenia» հաղորդած է, որ Երեւան-Իսթանպուլ-Երեւան թռիչքները կ՚իրականացուին՝ ըստ չուացուցակի։
Ուրբաթ, Մայիս 6, 2022