ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԸ ԱՔՑԱՆԻ ՄԷՋ
Այսպէ՛ս, ուղղակի աքցանի մէջ բռնուողը Ստեփանակերտն է, իսկ Երեւանն ալ աքցանին կոթերը բռնողներէն մէկն է, որ կը ներկայանայ հորին մէջ պարան երկարողի դիրքէ: Իսկ թէ այդ պարանով ապահո՞վ է հոր իջնելը, կամ կարելի՞ է անոր միջոցով ջուր դուրս բերել…
Տրուած տեղեկութիւնները բազմաթիւ հարցադրումներու դիմաց դուռ կը բանան՝ մանաւանդ երբ նկատի ունենանք Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գործունէութիւնն ու ձեռք բերած «շօշափելի» եւ «պտղաբեր» արդիւնքները։
Երբ Մոսկուա շարունակ կը կրկնէ այն յանկերգը, թէ առանց իր միջամտութեան եւ ներկայութեան՝ կարելի չէ լուծել Արցախի «Գորդեան հանգոյց»ը (անշուշտ, իբրեւ հայ իրաւունք ունինք ապշահար դառնալու՝ տեսնելով, որ ռուս խաղաղապահ ուժերու քիթին տակ Ատրպէյճանի բանակը անցարգել մը զետեղած է Արցախը Հայաստանին կապող ճամբուն վրայ՝ վերջ տալով Պաքուի իշխանաւորներուն հլու կամակատարներուն՝ այսպէս կոչուած «բնութեան պաշտպան»ներու ներկայութեան), Ուաշինկթըն իր կարգին ձեռնածալ չէ մնացած եւ կ՚ուզէ մօտէն հետաքրքրուիլ Կովկասի բարձրաւանդակի տագնապով։
Շաբաթներէ ի վեր, Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն գործի լծուած էր եւ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կազմակերպած, որպէսզի մեկնարկը տայ հաշտութեան համաձայնութեան՝ մրցելով Մոսկուայի հետ։ Այս նպատակով, Պլինքըն հեռաձայնային կապ հաստատած էր երկու երկիրներու ղեկավարներուն՝ (…) Ալիեւի եւ «ազգընտիր» Փաշինեանի հետ եւ արծարծած՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուող նիստերուն վերաբերեալ հարցեր, որոնց շուրջ ահա դէմ դիմաց կը նստին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, նոյնինքն Պլինքընի կնքահայրութեամբ։
Քանի մը օրուան վրայ երկարած նախարարական հանդիպումները, որոնց մեկնարկը տրուած ժամանակ հետեւեալ փրոթոքոլային հաստատումը կատարուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերին կողմէ. «Մենք յոյս ունինք, որ այս շաբթուան ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները անկեղծ ու ուղիղ քննարկումներ պիտի կատարեն՝ հարցերու կարգաւորման ճանապարհին։ Եւ մենք յանձնառու ենք աջակցելու այդ ջանքերուն»։
Հարց է, թէ ինչպիսի՞ ճկունութիւն պիտի կարենայ կիրարկել Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը։ Հարցումը նո՛յնքան կարեւոր եւ անկիւնադարձային կշիռ ունի՝ որքան ունեցաւ Արցախի պատերազմին մեծ յաղթականը՝ «Պայրաքթար»ը…
Միրզոյեան պիտի կարենա՞յ գոնէ «երկաթեայ շերեփ»ի մը կոթը ունենալ ձեռքին՝ պահպանելու համար Արցախի (ու Հայաստանի) գէթ մնացորդացը, չիյնալով «կառուցողական քննարկումներու» ծուղակին մէջ։ Նախընթաց փորձառութիւնները կ՚ըսեն, որ ան (եւ զինք Ուաշինկթըն առաքող «պոս»ը) այս գործին մարդը չէ, կամքն ալ չունի: Այս իշխանութիւնը կամք ցուցաբերած է միայն… նահանջի եւ պարտութեան ճամբուն մէջ:
Պլինքըն շարունակ կը կրկնէ, որ Կովկասի բարձրաւանդակին մէջ կայուն խաղաղութիւն կերտելու միակ ուղին ուղիղ երկխօսութիւնն է, պէտք է գործի լծել դիւանագիտութիւնը։ Սակայն արեւու լոյսէն աւելի՛ յայտնի է, որ բաւարար չէ կողմերուն միջեւ հարթակ ստեղծելը, երբ ահաւասիկ հինգ ամիսէ ի վեր կղզիացած ու աշխարհէն կտրուած է Արցախը։ Կացութիւն՝ որ հետզհետէ աւելի՛ կը վատթարանայ. նորագոյն ապացոյցը՝ Ատրպէյճանի բանակին կողմէ պաշտօնապէս նոր անցարգելին հաստատումն է, իսկ անդին մարդկային աղէտին ծալքերը կը բազմանան։
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալ Վետանթ Փաթել մերթ ինքնավստահութեամբ եւ մերթ կմկմալով կը շեշտէ, թէ երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութիւն ստեղծելը հնարաւոր է։
Խօսքերով եւ քիփլինկեան «եթէ»ներով կարելի չէ առաջնորդուիլ եւ սպասել։
Ուաշինկթընը, Մոսկուան, Լախէյը, Սթրազպուրկը… եւ արար աշխարհը թող իմանան, որ Արցախն ու արցախցին պաշարուած են, հոն այլ տեսակի ջարդ մը կը կատարուի։ Հայրենիքին տիրութիւն ընող արցախցիին եւ համայն հայութեան համար այս վիճակը ընդունելի չէ, պէտք է փշրել բոլոր շղթաները: Երեւանի մէջ իշխանութեան ղեկը ունեցող խմբակը իրաւունք չունի հայրենի հողեր յանձնելու եւ պատրուակելու, որ «խաղաղութիւն պիտի բերէ», որովհետեւ բաց աչքերով կը տեսնենք, որ ան, ի շարս այլ խոստումներու, անկարող է իրականացնել խաղաղութիւն բերելու խոստումն ալ:
Խմբագրական՝ Պոստոնի «Հայրենիք»ի