ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

«Արմէնփրէս» գործակալութիւնը շաբաթավերջին արձագանգ հանդիսացաւ «Indian Defense Research Wing»ի հաղորդումներուն։ Այսպէս, Հնդկաստանի կողմէ վերջերս Հայաստանին տրամադրուած ATAGS հրետանային համակարգերը արդիականացուած ու կատարելագործուած են՝ «Bharat Forge»ի կողմէ։ Այս նախաձեռնութիւնը կատարուած է օգտագործման յարմարաւէտութեան համար։ Այս նոր վիճակով հրետանային հաշուարկներու սխալներու հաւանականութիւնը կը նուազի։

Պալիսթիք համակարգերը նաեւ ցամաքային նաւիկասիոն համակարգերու հետ համարկում կ՚ապահովեն եւ այս բանը աւելի ճշգրիտ նշանառութեան կատարումը կ՚ապահովէ։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024