ՓԵՔԻՆԷՆ ԴԷՊԻ ԵՒՐՈՊԱ

Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ ներկայ շաբթուան սկիզբին ուղեւորութեան մը ձեռնարկած է դէպի Եւրոպա, որու ծրագիրը կ՚ընդգրկէ Ֆրանսան, Սերպիան եւ Հունգարիան։ Ան հինգ տարի վերջ Եւրոպայի մէջ կ՚ունենայ շփումներ, որոնց ընթացքին իրեն կ՚ընկերանայ նաեւ առաջին տիկինը։ Շի Ծինփինկի այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի շրջանի մը, երբ Եւրոմիութիւնը հետզհետէ աւելի լրջօրէն սկսած է հակառակորդ նկատել Չինաստանը։ Պրիւքսէլ-Փեքին առանցքին վրայ կուտակուած են բազում բարդութիւններ, որոնք պայմանաւորուած են ինչպէս Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով, այնպէս ալ տնտեսական հանգամանքներով։

Շի Ծինփինկի ճամբորդութեան առաջին փուլը Փարիզն է, ուր ան այսօր կը հիւրընկալուի Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի կողմէ։ Չինացի ղեկավարը երէկ Փարիզի օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Ֆրանսայի վարչապետ Կապրիէլ Աթալի կողմէ։ Միեւնոյն ժամանակ, Փարիզի եւ Փեքինի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 60-ամեայ յոբելեանն ալ կ՚արժեւորուի հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։

Բանակցութիւններու առաջին փուլին կը մասնակցի նաեւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէն։

Երկուշաբթի, Մայիս 6, 2024