ՀԲԸՄ-Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՄԱՄԲ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ վեր­ջերս Փա­րի­զի մէջ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ «Հա­մերգ մը կեան­քի հա­մար» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ­նե­րուն՝ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի եւ Սերժ Սարգ­սեա­նի բարձր հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ։ Այս առ­թիւ փա­ռա­շուք ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ Հայ­կա­կան աշ­խար­հի նուա­գա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ հռչա­կա­ւոր վա­րիչ Ա­լէն Ալ­թը­նօղ­լուի։ Ձեռ­նար­կի յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին Խա­չա­տու­րեա­նի, Կո­մի­տա­սի, Պետ­րո­սեա­նի եւ Մո­ցար­թի նման մեծ յօ­րի­նող­նե­րու գոր­ծե­րը։

Շաթ­լէի թատ­րո­նի բե­մին վրայ մեծ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րեց Հայ­կա­կան աշ­խար­հի նուա­գա­խում­բը, որ կը բաղ­կա­նայ Հա­յաս­տա­նէն եւ Սփիւռ­քէն զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ ա­րուես­տա­գէտ­նե­րէ։ Շուրջ եր­կու հա­զար հո­գի մաս­նակ­ցե­ցաւ ե­րե­կոյ­թին, ո­րու ըն­թաց­քին Օ­լան­տի կող­մէ փո­խան­ցուած պատ­գա­մը ըն­թեր­ցեց Փա­րի­զի քա­ղա­քա­պետ Անն Ի­տալ­կօ։ Պատ­գամ մըն ալ փո­խան­ցած էր ՀԲԸՄ-ի Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Պերճ Սեդ­րա­կեան։ Ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ ՀԲԸՄ-ի Ֆրան­սա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի նա­խա­գահ Ֆի­լիփ Փա­նո­սեան։

Հայ­կա­կան աշ­խար­հի նուա­գա­խում­բին միա­ցած էին նաեւ «Կիւլ­պէն­կեան» նուա­գա­խումբն ու երգ­չա­խում­բը, ո­րոնք մեծ համ­բաւ կը վա­յե­լեն Փոր­թու­գա­լի մէջ։

Ե­րե­կոյ­թի տե­ւո­ղու­թեան հան­դի­սա­տես­նե­րուն վրայ խոր տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծեց աշ­խար­հահռ­չակ սոփ­րա­նօ Յաս­միկ Պա­պեան, որ միա­ցաւ Մո­ցար­թի «Ռէ­քուիէմ»ի մեկ­նա­բա­նու­թեան։ Իրեն ա­ռըն­թեր միւս մե­նա­կա­տար­ներն ալ՝ Նո­րա Կիւ­պիշ, Լի­պա­րիտ Ա­ւե­տի­սեան, Տիգ­րան Մար­տի­րո­սեան, Վա­հան Մար­տի­րո­սեան, Զա­ւիէ Ֆի­լիփ, Ժան Մարք Ֆի­լիփ-Վար­ժա­պե­տեան եւս հան­դէս ե­կան փայ­լուն ե­լոյթ­նե­րով։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2015