ԱՆԳԱՐԱ ԵՒ ՄՈՍԿՈՒԱ ՆՈՐ ԾՐԱԳՐԵՐՈՒ ՀԵՏԱՄՈՒՏ

Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնեց, որ Ռուսաստանի հետ պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս համաձայնութեան ծիրէն ներս Ս-400 հրթիռային համակարգերու նիւթը թեւակոխած է եզրափակիչ փուլը եւ հիմա կարգը եկած է ռազմաօդանաւերուն։ Ըստ իրեն, Թուրքիա Ռուսաստանի հետ համագործակցութիւն կը ծաւալէ պաշտպանութեան ոլորտէն ներս, Սուրիոյ առաջնահերթութեամբ։ «Պէտք է ներառնել նաեւ Իրանը։ Կարեւորը այն է, որ այնտեղ մնայուն քաղաքական լուծում մը ապահովուի։ Այս նպատակով համաձայնութիւն մը գոյացաւ՝ անվտանգ գօտի մը ըս-տեղծելու, թռիչքներու համար փակ գօտի մը ձեւաւորելու ուղղութեամբ, ներառեալ Իտլիպն ու հարաւի շրջանները։ Այստեղ նպատակն է Իտլիպի շրջանի անմեղ մարդոց պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան։

Մոսկուայի աղբիւրներն ալ վերջին օրերուն հաղորդեցին, որ Ս-400 հրթիռային համակարգերը Թուրքիոյ մատակարարելու վերաբերեալ բանակցութիւններ վարելու համար Ռուսաստանի «Ռոսթեխ»ի ընդհանուր տնօրէն Սէրկէյ Չեմեզով այցելած է Անգարա։ Այդ բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուած են նաեւ համատեղ ռազմաօդանաւեր արտադրելու հնարաւորութիւնները։ Չեմեզով «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարեց, որ խօսքը կը վերաբերի հինգերորդ սերունդի ռազմական կործանիչներու արտադրութեան եւ Թուրքիա ունի անհրաժեշտ ենթակառուցուածքները։ Անդրադառնալով Ս-400 համակարգերու պարագային՝ Սէրկէյ Չեմեզով մատնանշեց, որ քննարկումները ընթացքի մէջ են, թեքնիկ բոլոր հարցերը աւարտած են ու կը շարունակուին գանձատրման մասին քննարկումները։ Թուրքիա հնարաւորութիւններ կը փնտռէ ելմտական միջոցներ ճարելու համար եւ այս հարցը օրակարգի վրայ եկած է նաեւ կառավարութիւններու մակարդակին վրայ։

Հարկ է յիշեցնել, որ անցեալ ամիս Թուրքիա Ատրպէյճանի հետ ալ համաձայնագիր մը կնքած էր՝ պաշտպանական նշանակութիւնով սարքաւորումներու համատեղ արտադրութեան մասին։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017