«ԶԷՆՔԵՐԸ ԼՔԵԼՈՎ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻՆ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի միջեւ նախընթաց օր Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, նախարար Չավուշօղլու մանրամասնութիւններ հաղորդեց Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ՝ Մենպիչի շուրջ գոյացած համաձայնութեան կապակցութեամբ։ Մինչ այդ, ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան Սուրիոյ թեւը՝ ԵՓԿ-ն ալ յայտարարեց, որ ետ կը քաշուի Մենպիչէն։ Ուաշինկթընի կողմէ ալ յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ այս կապակցութեամբ։ Ամերիկեան կողմը այս առթիւ հաղորդեց, որ ի վիճակի չէ ժամանակացոյց մը ներկայացնելու։

Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ամերիկեան կողմին հետ գոյացած համաձայնութեան ամենանուրբ կէտերէն մէկուն անդրադառնալով ըսաւ. «Առաջին փուլին ԵՓԿ-ՓՔՔ-ականները պիտի բաժնուին, Եփրատի արեւելքը պիտի մեկնին ու բաժնուելու ժամանակ պիտի յանձնեն իրենց զէնքերը։ Մենպիչի մոտելը աւարտելէ վերջ, նոյնը պիտի գործադրուի նաեւ ԵՓԿ-ի կողմէ բռնագրաւուած միւս տարածքներու պարագային։ Մեր համաձայնութիւնը կը ներառնէ այս բանը»։

Բաց աստի, Չավուշօղլու մատնանշեց, որ Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսին մէջ ուրիշ որեւէ երկիր դերակատարութիւն պիտի չկարենայ ունենալ։ Սա ի զօրու է նաեւ Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Պելժիոյ պարագային։ Որեւէ երրորդ երկիր պիտի չըլլայ այնտեղ։ «Նիւ Եորք Թայմզ» հեղինակաւոր թերթն ալ գրեց Մենպիչի վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութեան մասին։ Իսկ ԵՓԿ տեղեկացուց, որ ետ պիտի քաշէ Մենպիչի զինեալ ուժերը՝ առանց որեւէ ձեւով անդրադառնալու Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ գոյացած համաձայնութեան։ Ըստ Չավուշօղլուի, ԵՓԿ-ականները պիտի մեկնին Եփրատի արեւելքը, սակայն սա չի նշանակեր, որ Թուրքիա պիտի ընդունի անոնց այնտեղ մնալը։ Նախարարին խօսքով՝ Մենպիչի պարագային քառակողմանի համագործակցութիւն մը պիտի ծաւալուի՝ Անգարայի, Ուաշինկթընի, Պաղտատի եւ Էրպիլի մասնակցութեամբ։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ Չավուշօղլու շեշտեց, որ նախապատրաստական ժողովը շուրջ տասն օրուան ընթացքին նախատեսուած է եւ այս ամբողջ գործընթացը վեց ամիսէն շատ աւելի շուտ իր աւարտին պիտի հասնի։ Ձգձգումներ պիտի չըլլան այս գործընթացին մէջ։ Նախապայմաններ ալ պիտի չըլլան։ Արդէն պատկան մարմինները համաձայնած են իրարու միջեւ։ Նախարարը շեշտեց, որ այդ ամբողջ տարածքներու անվտանգութիւնը պիտի վերահսկուի Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի կողմէ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018