ԱՅՍՕՐ ԱՆԳԼԻԱՅԷՆ ԳՈՐԾԱՐԱՐ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Անգլիայէն գործարար պատուիրակութիւն մը այսօր կ՚այցելէ Հայաստան, ուր երկօրեայ շփումներ կ՚ունենայ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Անգլիոյ վարչապետի՝ Հայաստանէ եւ Վրաստանէ ներս առեւտուրի ու ներդրումներու հարցերով յանձնակատար ու երեսփոխան Մարք Փրիտչարտի կողմէ կը գլխաւորուի այս պատուիրակութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնըուին տասն անգլիական գործարար ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։ Անգլիացի գործարարներու խումբը կ՚ուսումնասիրէ Հայաստանէ ներս վերականգնուող ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու եւ քաղաքական զարգացման ոլորտներէ ներս երկկողմանի առեւտուրի եւ ներդրումներու համագործակցութեան հնարաւորութիւնները։

Երկօրեայ այցելութեան ծրագրին մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի պետական աւագանիէն դէմքերու եւ գործարար շրջանակներէ ներկայացուցիչներու հետ։ Նոյն ծիրին մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Անգլիա գործարար համաժողով մը։ Անհատական հանդիպումներ ալ ծրագրուած են հայ եւ բրիտանացի ձեռներէցներու միջեւ։

Անգլիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյ անցեալ Սեպտեմբերին նշանակած էր Մարք Փրիտչարտը։ Այս վերջինը արդէն չորրորդ անգամ կ՚այցելէ Հայաստան։ Նախորդ այցելութիւններուն ընթացքին ան Հայաստանի պետական պաշտօնեաներուն եւ գործարար ոլորտի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած էր երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու ծաւալներու զարգացման հնարաւորութիւնները։ Փրիտչարտի նշանակումը կը համարուի Անգլիոյ կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ Հայաստանի հետ երկկողմանի առեւտուրի եւ ներդրումներու խթանման ուղղութեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018