ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԵՆԷՆ ՆԵՐՍ ԶԵՂԾՈՒՄԻ ԼՈՒՐՋ ԿԱՍԿԱԾՆԵՐ

Երէկ, Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ տեղեկացուց, որ նախարարութիւնը որոշած է յետաձգել «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» եւ «Սփիւռք ամառնային դպրոց» ծրագրերը։

Նախարար Մխիթար Հայրապետեան զգայացունց պնդումներ յառաջ քշեց նախարարութեան կողմէ անցեալ տարիներուն ծաւալուած գործունէութեան եւ այդ ամբողջին մէջ պատահած զեղծումներու կամ չարաշահումներու վերաբերեալ լուրջ կասկածներու շուրջ։ Ան խնդիրներ նկատած է նախորդ տարիներու ծրագրերուն մրցոյթներու շնորհման հարցին մէջ։

Պետական պատկան մարմինները հրաւիրուած են այդ բոլոր կասկածները ուսումնասիրելու։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018