ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան նախընթաց օր այցելեց Երեւանի պետական համալսարանը (ԵՊՀ), ուր մէկտեղուեցաւ Լրագրութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներուն հետ։ Հանդիպման սկիզբին Լրագրութեան ֆաքիւլթէի տեսուչ Նաղաշ Մարտիրոսեան ողջունեց Աննա Յակոբեանը, որ մասնագիտութեամբ լրագրող է։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այնուհետեւ ասուլիսի ձեւաչափի մէջ Աննա Յակոբեան պատասխանեց ուսանողներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին զանազան բնագաւառներու։ Զանգուածային լրատուութեան աշխարհի եւ ընկերային ցանցերու գործունէութեան առանձնայատկութիւններուն մասին խօսեցաւ Աննա Յակոբեան, որ «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրն է։ Ան ուսանողներուն խորհուրդ տուաւ՝ օգտագործել մամուլի ուժը, որպէսզի աւելի արագ լուծում գտնեն խնդիրները։ «Որեւէ լրատուամիջոցի նկատառման յանձնեցէք ձեր մտահոգութիւնները, ձեր ծրագիրը եւ սա շատ աւելի արագ պիտի հասնի պաշտօնեաներուն», նշեց Աննա Յակոբեան։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018