ՋԵՐՄ ՎԵՐԱԲԵՐՄՈՒՆՔ

Սփիւռքահայ զանազան վարժարաններէն աշակերտներ ներկայ ամառնամուտին կ՚այցելեն Հայաստան, ուր կ՚արժանանան ջերմ վերաբերմունքի։ Վերջին օրերուն Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ հիւրընկալեց սփիւռքահայ խումբ մը աշակերտներ։ Այսպէս, ան ընդունեց Գալիֆորնիայէն՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) «Մանուկեան-Տեմիրճեան» վարժարանի աշակերտները։ Նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրոցի պատասխանատուներ եւ ՀԲԸՄ-ի ներկայացուցիչներ։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց ամերիկահայ աշակերտներուն հետ, պատասխանեց նաեւ անոնց զանազան հարցումներուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 6, 2018