ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ դեսպան Տորոթի Շինը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանատունէն պաշտօնատարներ։ Աւելի քան ժամ մը տեւեց զրոյցը, որու ընթացքին արծարծուեցան ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու կացութեան վերաբերեալ հարցեր։ Զրուցակիցները կանգ առին քորոնաժահրի համաճարակով ստեղծուած կացութեան հետեւանքներուն, անոնց դիմագրաւման ուղղեալ աշխատանքներուն, երկրէ ներս առկայ տնտեսական տագնապին եւ կառավարութեան ձեռնարկած բարեփոխումներու ծրագրին վրայ։ Ամերիկացի դեսպանը արտայայտեց Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը՝ ի նը-պաստ Լիբանանի ժողովուրդին եւ կառավարութեան նախաձեռնած ծրագրերուն։
Արամ Ա. Կաթողիկոս հանդիպման ընթացքին շեշտեց, որ ժողովուրդի կարիքներուն ընդառաջելը եւ երկիրը տնտեսական տագնապէ դուրս բերելը հրամայական դարձած են։ Նկատի ունենալով, որ դեսպանը նոր սկսած է իր դիւանագիտական առաքելութեան Լիբանանի մէջ՝ Նորին Սրբութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւններ փոխանցեց իրեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործունէութեան եւ ընդհանրապէս հայկական սփիւռքին շուրջ։
Հանդիպման աւարտին Արամ Ա. Կաթողիկոս ամերիկացի դեսպանին նուիրեց՝ Հայ Եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին յուշամատեան մը, ինչպէս նաեւ իր հեղինակած գիրքերէն մին, որու բովանդակութիւնը նոյնպէս կը վերաբերի Հայ Եկեղեցւոյ։