ԵՄ ԵՒ ԱՆԳԼԻԱ ՄԻՇՏ ՀԵՌՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԵՆԷ

Եւրոպական Միութեան եւ Անգլիոյ միջեւ տարակարծութիւններն ու դժուարութիւնները կը շարունակուին BREXIT-ի կապակցութեամբ։ Թէեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, սակայն կարելի չ՚ըլլար յառաջընթաց մը արձանագրել անոնց մէջ։ Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ ապագայ առեւտրական յարաբերութիւններու շրջանակը ճշդելու ուղղեալ բանակցութիւններուն մէջ շարունակ կը յառաջանան խցանումներ։ Ներկայ տարեմուտի դրութեամբ Անգլիա պաշտօնապէս դուրս եկած էր Եւրոմիութենէն եւ այդ կէտէն սկսեալ ներկայ բանակցութիւններու գործընթացը մեկնարկած էր։ Պրիւքսելի աղբիւրները միշտ յոռետես տուեալներ կը հաղորդէին բանակցութիւններու ընթացքին շուրջ։ BREXIT-ի գծով ԵՄ-ի աւագ բանագնաց Միշել Պարնիէ մօտաւոր անցեալին յայտնած էր, որ Անգլիա կողմնակից չէ լրջօրէն քննարկել բազմաթիւ հիմնական խնդիրներ։ Իսկ անգլիական կողմը միշտ կը յայտարարէր, որ կողմնակից է բանակցութիւններու տեւականացման, սակայն իր պահանջները բաւարար չափով նկատի չեն առնուիր ԵՄ-ի կողմէ։

Թէեւ ներկայ անցումային շրջանին Անգլիա հաւատարմութիւն կը ցուցաբերէ ԵՄ-ի կանոններուն, սակայն նախատեսուած է նաեւ բանակցութիւններու մինչեւ տարեվերջ աւարտիլը։ Այլապէս, եթէ համաձայնութիւն մը գոյացնել հնարաւոր չըլլայ, ապա Անգլիոյ եւ ԵՄ-ի առեւտրական յարաբերութիւնները յառաջ պիտի տարուին՝ ըստ Համաշխարհային առեւտուրի կազմակերպութեան կանոններուն։ Մօտաւոր անցեալին եւրոպական աղբիւրները հաղորդած էին նաեւ Լոնտոնի պատգամը, ըստ որու Անգլիա՝ որպէս ինքնիշխան պետութիւն տեղի պիտի չտար ԵՄ-ի պահանջներուն։ BREXIT-ի գծով Անգլիոյ աւագ բանագնացը՝ Տէյվիտ Ֆրոստ յայտնած էր, որ բացի ազատ առեւտուրի համաձայնութենէն, Լոնտոն որեւէ բացառութիւն չ՚ակնկալեր Պրիւքսելէն, իսկ եւրոպական կողմի պահանջները ծանր են։

Այս բոլորէն վերջ, երէկ ալ Պրիւքսելէն հասած լուրերը մեծ յոյս մը չներշնչեցին բանակցութիւններու ընթացքին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Միշել Պարնիէ յայտնեց, որ ներկայ շաբթուան տեւողութեան տեղի ունեցած բանակցութիւններուն մէջ նշանակալի յառաջընթաց մը չէ արձանագրուած։ Այսպէս, Լոնտոն եւ Պրիւքսել տարաձայնութիւններ ունին ձկնորսութեան եւ այլ հարցերու շուրջ։ Բաց աստի, ըստ Միշել Պարնիէի, տարաձայնութիւններ գոյութիւն ունին նաեւ արդար մրցակցութեան եւ կողմերու ապագայ յարաբերութիւններու յստակեցման հարցերուն շուրջ։

Յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին նախատեսուած են Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի բանակցութիւնները նոյն օրակարգով։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020