ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՒ ՎՐԱՍՏԱՆ ԻՐԱՐՈՒ ՄԻՇՏ ԶՕՐԱԿԻՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։ Այս առթիւ անոնք կարծիքներ փոխանակեցին քորոնաժահրի համաճարակի տարածման կանխարգիլման եւ անոր ընկերատնտեսական հետեւանքներու դիմագրաւման ուղղութեամբ երկու երկիրներու կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն շուրջ։ Զալքալիանի զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանին՝ համաճարակի դէմ պայքարի մէջ եւ վերահաստատեց Վրաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան բարձր գնահատեց Երեւանի եւ Թիֆլիզի միջեւ զանազան մակարդակներու վրայ հաստատուած համագործակցութիւնը, գործնական պարբերական շփումները եւ փոխադարձ աջակցութիւնը համավարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրներու դիմագրաւման հարցին մէջ՝ ներառեալ երկու երկիրներու քաղաքացիներու իրարու տարածքով հայրենիք վերադարձի կազմակերպումը։

Մնացականեան եւ Զալքալիանի քննարկեցին երկկողմանի օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ։ Այս առընչութեամբ Մնացականեան կարեւորեց երկու ժողովուրդներու միջեւ դարաւոր բարեկամութեան եւ ռազմավարական փոխկապակցութեան հիման վրայ գործնական համագործակցութեան ընդլայնումը եւ խորացումը այն բոլոր ուղղութիւններով, որոնք անգամ մը եւս ուրուագծուած էին երկու երկիրներու ղեկավարներու կողմէ, անցեալ մարտին Հայաստանի վարչապետի Վրաստան կատարած այցելութեան ժամանակ։ Միեւնոյն ժամանակ Մնացականեան վերահաստատեց իր հրաւէրը վրացի պաշտօնակցին՝ այցելելու Հայաստան։

Բազմակողմանի համագործակցութեան ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջանակներէն ներս յառաջիկային նախատեսուած ձեռնարկներուն։

Նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ անվտանգութեան խնդիրներու շուրջ։ Անոնք ընդգծեցին համաճարակի պայմաններուն ներքեւ միջազգային եւ տարածքաշրջանային խաղաղութեան ու անվտանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը։

Շաբաթ, Յունիս 6, 2020