ՆԱԽԱՐԱՐ ՔՈՃԱՅԻ ՀԵՌԱՎԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԵՄ-Ի ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԴԵՍՊԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ հեռավար հանդիպում մը ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Անգարայի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն հետ։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ մղուած պայքարին։ Նախարար Քոճա շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ համաճարակի զոհերու 93 տոկոսը եղած է 65 տարեկանէ վեր։ Նախարարը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա ո՛չ միայն քաղաքական ու տնտեսական տեսակէտէ, այլեւ՝ առողջապահական ոլորտէ ներս եւս մեծ նպաստ մը կրնայ բերել Եւրոմիութեան։
Միւս կողմէ, Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 57 հազար 829 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 930 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակաշրջանին եւս 18 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը կազմեց 1622։ Նախարար Քոճա մատնանշեց, որ առողջացած հիւանդներու թիւը կը բարձրանայ եւ յառաջիկայ օրերուն այդ աճը պիտի շարունակուի։ Ան կրկնեց նաեւ կարեւորութիւնը՝ ձեռքի մաքրութեան, ֆիզիքական հեռաւորութեան պահպանման ու դիմակ կրելու։