ԱՄՈՒՐ ԿՌՈՒԱՆ

Շա­բա­թա­վեր­ջին Փա­րի­զի մէջ ապրուե­ցաւ ֆրան­սա­հայ հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ յատ­կան­շա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն մը։ Բայց եւ այն­պէս, այդ ի­րա­դար­ձու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը սահ­մա­նա­փակ չէ միայն ֆրան­սա­հա­յու­թեան հետ։ Սփիւռ­քեան հա­յա­պահ­պան­ման պայ­քա­րին տե­սան­կիւ­նէն, ընդ­հան­րա­պէս եւ­րո­պա­հա­յու­թեան ա­ռու­մով հե­ռանկա­րա­յին ե­րե­ւոյթ մը հան­դի­սա­ցաւ Փա­րի­զի հա­յա­շատ ա­րուար­ձան­նե­րէն Ար­ֆոր­վի­լի մէջ բա­ցուած «Գէորգ Ա­րա­պեան» վար­ժա­րա­նը։ Հայ­կա­կան ինք­նու­թեան պահ­պան­ման ջան­քե­րուն եւ հայ­կա­կան ժա­ռան­գութիւ­նը նոր սե­րուն­դին փո­խան­ցե­լու ուղ­ղեալ ո­րո­նում­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ նման կրթա­կան հաս­տա­տու­թեան մը եր­կինք խո­յա­նա­լը ա­նան­տե­սե­լի ե­րե­ւոյթ մըն է եւ բո­լո­րը ար­դէն այդ կրթօ­ճա­խը կ՚ըն­կա­լեն որ­պէս յու­սադ­րիչ խա­րիսխ՝ եւ­րո­պա­հա­յու­թեան հա­յա­պահ­պան­ման ջան­քե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Դպրո­ցը միշտ ա­մուր կռուան մը նկա­տուած է հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ եւ այ­սօր ալ պա­րա­գան կը մնայ ան­փո­փոխ՝ որ­քան որ ալ սփիւռ­քեան հայ­կա­կան կրթօ­ճախ­նե­րու ցան­ցը ընդ­հա­նուր նա­հան­ջի մը մէջ գտնուի սփիւռ­քեան պայ­ման­նե­րով։

Ալ­ֆոր­վի­լի «Գէորգ Ա­րա­պեան» վար­ժա­րա­նի բա­ցու­մը կա­տա­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը։ Ֆրան­սա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նի­նե­րուն կող­մէ բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան այս ձեռ­նար­կին, որ ու­նէր պատ­մա­կան բնոյթ։ Այս­պէս, Ֆրան­սա­յի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Քլոտ Պար­թո­լոն եւ Վար­չա­պետ Մա­նուէլ Վալս ա­րա­րո­ղու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան, շրջա­պա­տուած բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւո­րուած բարձ­րաս­տի­ճան պատուի­րա­կու­թիւն մըն ալ ներ­կայ գտնուե­ցաւ այս ա­րա­րո­ղու­թեան։ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ֆրան­սա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վա­հան Եպսկ. Յով­հան­նէ­սեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ եւս բե­րին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան, ո­րու ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցաւ նաեւ նո­րա­կա­ռոյց դպրո­ցի օրհ­նու­թեան կար­գը։ Այս փու­լին բոլորի գնահատանքին առարկայ դարձաւ նախ­կին թե­մա­կալ ա­ռաջ­նորդ Տ. Նոր­վան Արք. Զա­քա­րեան, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ ան ան­փո­խա­րի­նե­լի ջան­քեր ներդ­րած էր այս ուղ­ղու­թեամբ եւ իր ամ­բող­ջա­կան նուի­րու­մը բե­րած էր այս գոր­ծի յա­ջո­ղու­թեամբ պսակ­ման ճա­նա­պար­հին։ Ներ­կայ էին նաեւ Գեր­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պէք­ճեան, Ռու­մա­նիոյ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Տա­թեւ Եպսկ. Յա­կո­բեան եւ այլ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ։ Բո­լո­րի հա­մակ­րան­քին եւ գնա­հա­տան­քին ա­ռար­կայ դար­ձաւ բա­րե­րար Գէորգ Ա­րա­պեան, որ պար­գե­ւատ­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տին կող­մէ։ Մինչ այդ, Մա­նուէլ Վալս եւ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ար­տա­սա­նե­ցին ճա­ռեր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015