ԱՐՑԱԽԻ ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ ՄԻՇՏ ԾԱՆՐ ՎԻՃԱԿ

Արցախի ճակատին վրայ կը շարունակուին մտահոգիչ իրադարձութիւնները։ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ վերջին օրերուն դարձեալ լարուածութիւնը բարձրացած է աննախընթացօրէն։ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ հրադադարի իրերայաջորդ խախտումները եւ յաճախակի սադրանքները միշտ կ՚ունենան ծանր հետեւանքներ։

Վերջին օրերուն Ատրպէյճանի զօրքերը վերստին կրակ բացին Արցախի ուղղութեամբ։ Այս նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու առաջադրութեամբ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը Երեքշաբթի, 4 Յուլիսի երեկոյեան, հարկադրաբար ձեռնարկեցին պատասխան գործողութիւններու։ Նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի զօրքերը Արցախի ուղղութեամբ կը կրակէին Ալիխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտէ մը՝ հայկական զօրքերը հետամուտ էին այդ կրակակէտը ոչնչացնելու նպատակին։

Ըստ Ստեփանակերտի աղբիւրներու հաղորդումներուն, այդ կրակակէտը ոչնչացուեցաւ եւ Ատրպէյճանի զօրքերը ունեցան կորուստներ։ Այս գործողութիւններուն ընթացքին, դժբախտաբար, Արիխանլու գիւղի երկու բնակիչներն ալ կորսնցուցին իրենց կեանքը։ Անոնցմէ մին 52 տարեկան կին մըն է, իսկ միւսը՝ երկու տարեկան աղջիկ մը։ Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած։

Ստեփանակերտի աղբիւրները այս վերջին դէպքերէն քանի մը օր առաջ ալ մտահոգութեամբ արձագանգած էին շփման գծի զանազան հատուածներուն մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտման դէպքերուն հետեւանքով։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ պատահածի հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը վիճակի Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան։

Ստեփանակերտի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ երէկ յիշեցուցին նաեւ, որ ըստ միջազգային կանոններուն ու չափանիշներուն, կրկակակէտերը բաւական հեռու տեղակայուած պէտք է ըլլան բնակավայրերէ։ Իսկ Ատրպէյճանի զօրքերը այս պարագային իրենց կրակակէտը տեղակայած են գիւղի մը մէջ։ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեանի բանբերը՝ Դաւիթ Պապայեան յայտնեց, որ Ատրպէյճանի բանակը սեփական ժողովուրդը կ՚օգտագործէ որպէս վահան։

Ֆիզուլիի շրջանի Ալիխանլու գիւղին մէջ պատահած այս դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ թրքական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը։

Վերջին լարուածութիւններուն զուգահեռ թէ՛ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ թէ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով հեռախօսազրոյցներ ունեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկի հետ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ մատնանշեց, որ Պաքու որդեգրած է իր խաղաղ բնակչութիւնը որպէս կենդանի վահան օգտագործելու քաղաքականութիւնը։ «Սա Պաքուի՝ հարեւան ժողովուրդի հանդէպ ատելութեան եւ սեփական ժողովուրդի արիան վրայ հիմնուած ժառանգական վարչախումբի հերթական յանցագործութիւնն է», ըսաւ ան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017