ՀՐԱՅՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ

Լիբանանի մէջ արուեստագէտ Հրայր Սարգիսեանի «Հայրենակարօտ» խորագրեալ առաջին անհատական ցուցահանդէսին բացումը պիտի կատարուի այսօր։ Անիկա պիտի շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբերի 2-ը: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։

Հրայր Սարգիսեանի գործը յաճախ հիմնուած է աշխարհագրութեան եւ ժողովուրդին հետ իր անձնական յարաբերութիւններուն վրայ: Յաճախ լայնածիր լուսանկարչական սարքով արտադրուած, իր կողմէ խնամքով պատրաստուած լուսանկարները կարելիութիւնը կու տան աւելի խորասուզուելու տեսարանին մէջ՝ թոյլ տալով բացայայտիչ մանրամասնութիւններու ծալքերը դանդաղօրէն բանալու, վերականգնելու խորտակուած պատմութիւններ եւ վերյիշեցնելու մոռցուած վայրեր: Անոր աշխատանքը կը վերաբերի փոքր պատմութիւններու եւ ամէնօրեայ միջադէպերու, որոնք շատ յաճախ կ՚անհետանան առանց հանդիսաւորութեան կամ խղճի խայթի:

Այս ցուցահանդէսը կը նշէ իր յանձնառութիւնը շարժող պատկերին նկատմամբ, որ ստեղծուած  է նոյն ուսումնասիրուած արհեստով, ինչպէս իր լայնատարած լուսանկարները: Երկու յարակից տեսահոլովակ-ինսթըլէյշընները՝ «Հայրենակարօտ»  (2014) եւ «Հորիզոն» (2016), կը խօսին Սուրիոյ պատերազմին իբրեւ պատասխան կատարուած ուղեւորութիւններուն մասին:

«Հայրենակարօտ»ին մէջ ոսպնեակը անգամ մը եւս ինքնիր վրայ դարձնելով, կը տեսնենք նկարիչը, որ կը քանդէ Դամասկոսի իր մանկութեան տունը, ուր ծնողները կը շարունակեն բնակիլ: Շաղախի եւ մետաղի խառնուրդով եւ խնամքով պատրաստուած շէնքին մանրամասն կրկնանկարը դանդաղօրէն կը փշրուի, երբ նկարիչը կրկնակի կը հարուածէ պաստառէն դուրս գտնուող առարկայ մը՝ դադար առնելով միայն շնչասպառ եղած ատեն կամ մէկդի տանելու համար մանրաքարեր:

Դամասկոսէն 2008-ին հեռանալով՝ Սարգիսեան չկրցաւ վերադառնալ: Կըրկ-նանկարին ոչնչացումը կը ներկայացնէ մաքրազտումն ու պահանջատիրութիւնը գործին, քանդել՝ նախքան ուրիշներ քեզ քանդեն:

«Հորիզոն»ը տեսողական խորհրդածութիւն է ծովային վտանգաւոր ճամբորդութեան մասին, զոր հակամարտութենէն փախուստ տուողները յաճախ ստիպուած կ՚ըլլային  կատարել: Տեսահոլովակը կ՚ուրուագծէ ճամբորդութիւնը ամենէն կարճատեւ եւ ամենէն ընդհանրացած ուղիներուն.  Քաշէն, հարաւ-արեւմտեան Թուրքիոյ ափին Միքէյլ նեղուցը կտրելով, դէպի Յունաստանի հարաւ-արեւելքը գտնուող Մեկիսթի կղզին: Շատերու համար ասիկա կը նշէ սկիզբը աւելի վտանգաւոր ճամբորդութեան մը՝ դէպի գաղթականի մը անհարազատ եւ անստոյգ կեանք:

Միասնաբար, այս աշխատանքները կը ներկայացնեն կորուստի եւ մտավախութեան զգացում մը՝ ամուր գետնի, տան եւ ընտանիքին կորուստը, զուգորդուած դէպի գալիքը մտավախութեամբ մը:

Նկարիչին Մասին

Հրայր Սարգիսեան (1973-ի ծնունդ, Դամասկոս, Սուրիա) իր հիմնական ուսումը ստացած է իր  հօր Դամասկոսի լուսանկարչատան մէջ: Ան յաճախած է Ֆրանսայի Արլ քաղաքի  Լուսանկարչութեան ազգային բարձրագոյն հիմնարկը, եւ 2010-ին, Ամսթերտամի Կերրիտ Ռիտվելտ ակադեմիան աւարտելով՝ ստացած է լուսանկարչութեան «Պի.Էֆ.Էյ.» վկայականը: Սարգիսեանի աշխատանքը կը թաւալի անձնական եւ հաւաքական յիշողութեան ու ինքնութեան շուրջ: Քաղաքի միջավայրի եւ բնավայրերու իր լուսանկարները կ՚օգտագործեն աւանդական վաւերագրական արհեստագիտութիւններ, վերագնահատելու համար աւելի մեծ պատմական, քաղաքական կամ ընկերային իրադարձութիւններ:

Անոր աշխատանքը վերջերս ցուցադրուած է հետեւեալ վայրերուն մէջ. Պալթիք ժամանակակից արուեստի կեդրոն (Նիւքասըլ, Բրիտանիա), Ռոնեպի քիւլթիւրսենդրում (Շուէտ), 10-րդ Պամաքօ ինքաունթըրզ (Մալի), ՔՎ ժամանակակից արուեստի հիմնարկ (Պերլին, Գերմանիա), Վենետիկի Պիեննալէին «Ոսկէ առիւծ»ի արժանացած Հայաստանի տաղաւարը, Ֆոլքուանկ թանգարան (Էսեն, Գերմանիա), Մոզաիք սենեակներ (Լոնտոն, Բրիտանիա), Ժամանակակից Թաթէ (Լոնտոն, Բրիտանիա), Նոր թանգարան (Նիւ Եորք, Միացեալ Նահանգներ), Տարաթ ալ-ֆունուն (Օման, Յորդանան):

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2017