ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԴԷՊՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր կէսօրուան ժամերուն դժբախտաբար պատահեցաւ տհաճ դէպք մը։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան դիմատետրի էջին վրայ նշեց, որ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հրաժարականը պահանջողները ներխուժած են Մայր Աթոռի դիւանատան շէնքը։ «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» նախաձեռնութեան մասին է խօսքը, որու անդամները վերջին շրջանին զանազան ծայրայեղութիւններով կը խանգարեն եկեղեցական կեանքի անդորրը։

«Քիչ առաջ յայտնի նախաձեռնութեան անդամները ներխուժեցին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանատան շէնք անվայել պահուածքով, իրենց յատուկ վերջնագրային պահանջներով ու սադրիչ գործողութիւններով։ Անոնք որեւէ կերպ տրամադիր չեն ունկնդիր ըլլալ եկեղեցականներու յորդորներուն՝ դադրեցնելու նման անընդունելի եւ դատապարտելի վարուելակերպը», տեղեկացուց Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան ու շեշտեց, որ այդ նախաձեռնութեան անդամները կը փորձեն բռնութիւն գործադրել Սուրբ Էջմիածնի տարածքէն ներս։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018