ՄԱՔՏԱՆԸԼՏԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Անգլիոյ Արտաքին գործոց եւ համագործակցութեան նախարարութեան մշտական քարտուղար Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ այս առաւօտ ժամանեց Երեւան եւ ձեռնարկեց շփումներու։ Ան իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ Հայաստանի կառավարութենէն ներս՝ ընդունուելով առաջին փոխ-վարչապետ Արարատ Միրզոյեանի կողմէ։

Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպանութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուցած է Հայաստանի նոր կառավարութեան բարեփոխումներու ծրագիրը։ Սըր Սէյմըն Մաքտանըլտ յայտնած է, որ Անգլիա կ՚աջակցի օրէնքի գերակայութեան, կրթական ու տնտեսական բարեփոխումներուն։

Ուրբաթ, Յուլիս 6, 2018